فارسي

ԱՀԱԿՈՒ ՁԱՅՆԵՐ

  |  


Սագօ Արեան

Ռէալ փոլիթիք հրամցնողներուն


Ձայներ կուգան ականջիս, բացարձակ լռութեան մէջ։
Ահարկու ձայներ,
Լուսանկարներէն, թերթի սիւնակներէն,
ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլին պաստառներէն...

Ահարկու վնասող ձայներ, որ կը զարնուին ականջիս, զօրեղ ալիքներու պես...
Ու ես այս խուժանին մէջ,
Ընկերներս, ցաւերս մոռցած,
Մոռցած ամէն ինչ,
Մոռցած քէներս ու դաւերս
Ահա, ձայներուն ետեւէն կը վազեմ։
Պիտի յօրանջեն երեսիս
Առաւօտեան սառ ժամերուն,
երբ պատշգամբի սիրուն բազրիքին դնեմ
Ձեռքերս, հանգիստ շնչելու
Ձայները պիտի հալածեն զիս
Լրիւ անբանաստեդծ անկենդան օրերուս,
Յոգնած ոտքերուս ու վիրաւորուած եսիս հետ,
Ձայները պիտի գրոհեն վրաս...
Նստած գարեջուրին հետ,
Հին ծրագրերս,
Ու թուղթի դէզերս նորոգելու յիմար փորձերուս հետ,
Թերթեր-թերթեր, դէզ մը թերթեր,
Ծրագրեր, դեռ չգրուած նամակներ,
Կապեր լայն ու բարակ...
Կէս մնացած ահագին զրոյցներ աշխարհին հետ,
Իմ աշխարհիս...
Պահեր մեծ ու երանական,
Սակայն ձայները թոյլ չեն տար...
Պիտի դառնամ նոյն հոգեխաոնութեան.
Նոյն պատուհանին ու վարագոյրին,
Որ բանաստաեղծութեան վերջին ումպը կլլեմ
Ու բացականչեմ
- Օրս յագեցած էր այսօր,
Ի՞նչ փոյթ, որ ոտքիս տակ եղողը աւազ է, ոչ ապառաժ,
Ես ապառաժի լեզուն գիտեմ,
Աչքերու ու սէրէրու լեգուն գիտեմ,
Բայց ի՞նչ փոյթ այս որոգայթերը։
Պաղեստինեան ղատը իմս է կարծես ու այսօր այղ ձայներուն մեղայ կը կանչեմ։
Այդ ձայներուն,
Տեղ մը մէկը սխալ ճիչ կ'արձակէ,
Կը կատղին տառերը պաստառին վրայ,
Տեղ մը մէկը տանուլ կուտայ ներքին կռիւներս,
Ես մեխակ կրող Հայրենասէր չեմ,
Ես սուտ չեմ,
Ես աստղ չեմ, որ անխօս մարիմ ու լոեմ.
Տեսէք տեղ մը, մէկը բոցերուն մէջ աանուլ կուտայ...
Մէկը կը պարտուի.
Բոլոր յղի կանայք պիտի սաոչին,
Բոլոր յոյսերը պիտի մարին,
Մեխակները ու մեխակ կրողները պիտի քարանան,
Կիրակի հոտող Սուտ խոստումները պիտ իյնան...
Ո՞ւր կը տանիք մեզ,
Ետ բերէք...
Կիրակի կէսօրուան խաղերէն
Ետ բերէ՛ք մեգ հին գինովութիւններէն.
Ետ բերէ՛ք, Տուն բերէ՛ք,
Տուն բերէ՛ք մեզ։
Մեր օրհասը, մեր ցաւը, մեր քրտինքը ետ բերէք,
Պարպեցէք Իրաքը,
Տուէ՛ք Պաղեստինին իսկական դրօշակ...
Սուտ բարեկամութեան եղունգները,
Որոնց վրայ դեո արեան կաթիլներ կան,
Հանեցէ՛ք մեր մորթէն։

....

Սխալ ահարակու ձայներ կը հալածեն զիս
Մութին,
Ես պիտի պոռա՜ա՜ա՜ա՜մ
Պիտի պոռամ...

Չեմ մոռնար,
Մի մոոնաք,
Որ ես սպիտակ մեխակ կախող
Ու կիրակի օրուան յիմար հաաենասէր չեմ...

Ահարկու ձայներ կը պատռեն լեղիս,
Ահարկու ձայներ,
Ո՞ւր են տղերքը...
Ահարկու ձայներ...

 

ՁԵՐ ԿԱՐԾԻՔԸ ԿԵՐԵՎԱ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹՅԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻՑ ՀԵՏՈ, ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹՅՈՒՆ:

(If you haven't left a comment here before, you may need to be approved by the site owner before your comment will appear. Until then, it won't appear on the entry. Thanks for waiting.)