ԵՐԵՔ ՔԵՐԹՈՒԱԾ

Մարուշ Գազանճեան- Երամեան

Երախտագիտութիւն

հիմա որ հեռու ես
մեծ գաղթի մը լռութեան մէջ պարուրուած
կը ծաղկին ձնծաղիկները յուշերուն

ղուն էիր որ տուիր ինծի

վերանայիլ խորքը հորին
ուր կը ծնիմ, ծնած էի ու կ՚ապրիմ

վառել մէկ մէկ բոլոր աստղերը
շրջուած երկինքներու
եւ վեր թափուող անձրեւներու

ես էի որ տուի քեզի

փորձը կեանքը առը տալը
առնանալը

լռուած խօսքի բիրտ բահերով
աչք բանալը

եւ վերելքը դէպի անդունդ



Կարօտ

Օրուան մէջ քանի մը անգամ
ձայնդ կը կանչէ տանս անկիւններէն.

կը դադրեցնեմ ճաշը, լուալը, մաքրելը
եւ կը փառաբանեմ սէրը,

որ կը գունաւորէ անցեալը միշտ, անցեալով։
Յետոյ, գիշերը, կը գտնեմ քեզ

ցանկութեան կոնապտոյտ ուղիներուն վրայ
եւ բնաւ չեմ հասնիր։ Բայց առաւօտուն

ժպիտ կ՚ըլլայ շրթունքներէս կախուած
եւ արցունք՝ աչքերէս...

Օրուան մէջ, քանի մը անգամ
կը փրկես ապագաս, անվհատ ապրելով անցեալիս մէջ։



Արմատ

Ծառը, որքան բարձրացաւ,
հեռացաւ արմատներէն
մոռցաւ կայունութեան խարիսխը
-ճնշումին ցաւը սկիզբէն ալ չէր զգացեր-

անցնող հովերը բարեւեցին
հպարտացաւ
արեւը խաղաց իր հետ
գոռոզացաւ

բունը սկսեր էր կնճռոտիլ
տեսողութիւնն ալ լաւ չէր
բայց կը լսէր տերեւներուն ծափը
հողմերուն ողջոյնը
եւ կը գոհանար
յանձնուած իմաստուն լռութեան
եւ ծիլերուն խնծիղին

 

ՁԵՐ ԿԱՐԾԻՔԸ ԿԵՐԵՎԱ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹՅԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻՑ ՀԵՏՈ, ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹՅՈՒՆ:

(If you haven't left a comment here before, you may need to be approved by the site owner before your comment will appear. Until then, it won't appear on the entry. Thanks for waiting.)