ՄԻԱԿ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ
Սագօ Արեան
Սարքուն Պուլոսի յիշատակին
Միակ բանաստեղծը կօշիկները
Դռան առջեւ կը հանէ.
Գիտէի, որ Սարքուն Պուլոսին մասին պիտի գրեմ,
Անոր մասին լսած չկան մեր մօտ.
Միակ գրող է, որ պարտէզ չունէր տան մօտ
Ի հեճուկս հայրենի սովետ բանաստեղծներուն...
...
Պարոյր Սեւակր չեմ ճանչցած,
Անոր դէմքի խաղերէն խապար չեմ,
«Պաշտելի է, պաշտելի»...
Կրսէին իր մասին ուսանող ընկերուհիներս...
Տուն ունի, եւ յետոյ տուն-թանգարան
Իր անունր ողողած են սփիւռքով մէկ...
Կնքուողներէն կէսին անունը Սեւակ էր յանժամ.
Ազգային հերոս էր Պարոյր Սեւակը
Հակառակ անոր, որ նախատած էր գիս
Ի չգոյէ...
Ու նախատէր,
Ոչինչ կայ սխալ...
Ես Պարոյր Սեւակը չեմ տեսած,
Իմ փոխարէն Աբրահամր տեսած է գինք,
Նախատած են գիրար,
Կռուած-կռուտուած
Յետոյ նորէն նախատինք ու մուր...
Հայու բախտ էր իբրեւ...
Հայու թոյն էր իբրեւ...:
Բայց Պարոյր կր մնար
Արմենուհի հօրքուրիս յիշատակարանին մէջ
Ու թերևս կ'արտասանէր անոր տողերէն,
Լալով, ո՜վ գիտէ...
Հօրքուրս որ Իրաք գնաց
Յետոյ, ամէն ամառ արմաւ բերելու
Ու բերելու մանանայ...
Ծօ, ի՞՜նչ մանանայ...
Սէրը մեծ էր Բաղդատի...
Ֆիդայի հօրքուրս,
Զիլ եւ խենթ ձայնով,
Ազգային երգեր կ'երգէր մեզի։
Մեր ականջները կը կարմրէին
Ու սանկ Իրաքեան արաբերէնով կը պատմէր,
Հայասէր Սադամին մասին,
Ամէն մեղքիս,
Բոլոր-բոլոր բռնակալներն ալ հայասէր են եղեր...
Ո՞րը թուեմ, որ թուեմ...
Սադամիկներ ամէն դի...
....
Միակ բանաստեղծր ան է,որ կռիւ չունի աշխարհին հետ,
Այդպէս էր Սարքուն Պուլոսը...
Որ անցեալ հոկտեմբերի աշնանային օր մր գնաց-մեռաւ...
Միացաւ հողին ցուրտ եւ օտար,
Ինչպէս բոլոր քերթողները,
Որ հայրենիք փնտռելէն կր յոգնին
Ու կ'երթան կը մեռնին...
Բանաստեղծը միակ,
Հայրենիք չունի,
Բոբիկ ոտքերով կր մտնէ մեր տուն,
Կը նստի աթոռին
Կը խմենք
Կը հայհոյէ,
Հաշիւ չունի աշխարհին հետ...
Ո՛չ նենգութիւն,
Ո՛չ աթոռ,
Ո՛չ փառաւոր օթոններ,
Ո՛չ դիմակներ,
Ո՛չ կեղծիք,
Ո՛չ սեւ ժպիտ,
Ո՛չ հովանոց կրակի,
Ո՛չ ալ արցունք մը աղի...
Բանաստեղծը ան է,
Որ օթոյին մէջ կըմոռնայ իր անցեալը եւ կր քալէ...
Նոյնիսկ անապատէն
Կ'երթայ հեռու-հեռու
Ամպերներուն հետ խօսելու...
Բանաստեղծը ան է,
Որուն ոտքերր չեն հպիր գետնին,
Չարին ու սեւին...
Բանաստեղծը ան է,
Որ կր նստի աղքատներուն սեղանը,
Խօսելու համար ծովու կապոյտէն,
Անցնող ճայերուն արցունքի մասին։
Բանաստեղծը բարեկամս...
Վահան Ռումէլեանի գոյները կր պատռեն լեղիս,
Թոյն-հակաթոյն,
Պատերազմի ահ ու վախ,
Թոյն- հակաթոյն,
Բանտ-ստորնութիւն,
Բաժակ, շամպայն ու գինի,
Թոյն-հակաթոյն
Բանասաեղծը, որ գաղափարի համար
Կ'այրէ իր անունը։
Բոլոր դիակացածներուն չէր,
Որ ապտակեց Լէոնարդօ Ալիշան.
Կամ Պետիկր Հերկելեան, որ թթուածինին տեղ թոյն շնչեց
Ազգի խոնաւ ներքնուղիներուն մէջ...
Թոյն- հակաթոյն,
Բանասաեղծը ան է որ մեռնիլ գիտէ,
Մեռնելու ձեւը գիտէ...
Բանաստեղծը,
Բարեկա՛մս, Սարքուն Պուլոս,
Իրաքէն պատմէ...
Պատմէ պատերազմին դէմ,
Հոգ չէ, որ մահը շապիկ կը կարէ քեզի...
Դո'ւն փայլք ես,
Մեռեալ չես, այլեւ։
Բանաստեղծը
Բարկա՛մս, Սարքուն Պուլոս,
Իրաքի միակ բանաստեղծ,
Ողջոյն քեզի...
Բանաստեղծը, բարեկամս,
Դո'ւն, Սարքուն Պուլոս,
Կր հեռանաս... հանգիստ քունով ննջելու...
Դո'ւն, բարեկամս, տուն մտնելէ առաջ կօշիկներդ կր հանես,
Որովհեաեւ գիտես, որ բառը
Աղօթք է...
Ու գիտես, որ ինչքան արիւն հեղուի Պաղտատի փողոցներէն...
Միևնոյնն է
Արմաւենին պիտի աճի...
Շուքին համար ու աղօթքին։
Ու Իրաքը քո հայրենիքը,
Եզերքը բանաստեղծներուն,
Պիաի երգէ
Իր երգր բաբելոնեան...
Միեւնոյնն է բարեկամս
Սարքուն Պուլոս...
Ընդունէ սա բառր,
Սա լոյսը, սա ցոլքը...
Հայրենի եզերէքէն հեռու,
Ապրողներուն անունով
Ու բոլոր անոնց անունով,
Որ կ'ատեն այս կարմիր Ամերիկան...
Եւ կ'ատեն արիւնը...
Դո՛ւն, Սարքուն Պուլոս...
Կ'ատես արիւնը...
....
Դո՛ւն, տուն մտնելէդ առաջ,
Անշշուկ ու խոնարհ կաղօթես,
Աղօթել սորվեցուր ինծի...
Միակ Բանաստեղծ Բարեկամս։
Կարծիքներ
Irav? merav Sarqoon Polos?
Irav aproom er oo anika, kar ayd poed@. Apsos vor chenk gidcac. te? gidnaliq cher, kaprer kookin mejd, kam Polos henc doon es? Apris, ancanot yexbayr.
Posted by: Shakeh | May 14, 2008 11:23 PM