ԱՐՇԻԼ ԳՈՐԿԻ-ՈՍՏԱՆԻԿ ԱՏՈՅԵԱՆ (Կեանքն ու Սխրալի Գործը)
Սարգիս Վահագն

Արշիլ Գորկիին մեծութիւնը, անտարակոյս, իր հանճարեղ գործերուն մէջ կը կայանայ: Առանց դոյզն վարանումի կրնանք հաստատել, թէ Ամերիկեան այս հսկայ երկրին նկարչական ամենայատկանշական յեղափոխութիւնը իրագործեց, Վանայ Ծովուն ափունքներէն, Խորքոմ համեստ գիւղէն ընձիւղուած եւ ճակատագրի դառն հողմամրրիկով Նիւ Եորքի խառնարանին մէջ նետուած այս տեսլապաշտ, հանճարեղ տղան, Ոստանիկ Ատոյեա՛նը՝ Արշիլ Գորկի հնչեղ ծածկանունով: Քննադատներ եւ տեսաբաններ «Վերացապաշտ Արտայայտչականութիւն» որակումով մկրտեցին այդ շարժումը, որ վերջ դնելով ամերիկեան գաւառային, անհեռանկար եւ անտեսիլ նկարչութեան, ստեղծեց պանծալի հոյլ մը իրաւ արուեստագէտներու, որոնք եւրոպական ծաղկեալ եւ բազմերանգ նկարչութեան կողքին կերտեցին իրենց յառաջապահ արուեստը:
Այս իրագործումը սակայն չեղաւ հեզասահ հեշտութեամբ, այլ ձեռք բերուեցաւ անհուն զոհողութեան եւ անհաշիւ զրկանքներու գնովը, Գորկիին եւ անոր շուրջ համախմբուած սրբազան խենթ տղոց, որոնց, ամերիկեան կարծր նիւթապաշտ հասարակութիւնը, իր ժամանակին չգիտցաւ արժանին մատուցանել, զանոնք դատապարտելով չքաւորութեան, մոռացութեան եւ հուսկ ապա, ոմանց պարագային, անձնասպանութեան, ինչպէս Գորկի, Փոլաք, Ռոթքօ եւ դեռ ուրիշներ:
Գորկիին կեանքն ու ճակատագիրը սակայն, իր ահաւոր բարդութիւններով հասաւ աներեւակայելի դաժանութեան, առաւել՝ իր հայու եւ եղեռնապուրծի տառապանքն ու հոգեկան խռովքը: Դժբախտ պատահարներու երկար ու անվերջանալի օղակներու շղթայում մը բաժին ինկաւ իր կարճատեւ կեանքին:
Ան ծնաւ 1904-ին, Սեդրակ եւ Շուշան Ատոյեաններու համեստ յարկին տակ, Վանի Խորգոմ գիւղին մէջ: Իր դժնդակ ճակատագիրը կը սկսի ձեւաւորուիլ իր ծնունդէն իսկ առաջ: Մօր հայրը, Տէր Սարգիս քահանայ Տէր Մարտիրոսեանը, Եւա Քոյրն ու կտրիճ Նշան եղբայրը, ինչպէս նաեւ՝ առաջին ամուսինը՝ Թովմաս Բրուտեանը, հերոսական մահով զոհուեր էին, 1898-ի ջարդերուն, զէնք ի ձեռին, թուրք վոհմակներուն դէմ հերոսական դիմադրութիւն ցուցաբերելով: Որպէս յուսահատ հակադարձութիւն այս ողբերգական պատահարներուն, մօր մայրը, Համասփիւռ երէցկինը, Աստուծոյ հետ քէն կապելով, որպէս վրիժառութիւն, անէծքը շրթներուն, կրակի տուեր էր Ոստան շէնի, իրենց գերդաստանի կալուած Չարահան Սուրբ Նշան վանքը դարաւոր:
Այս նախընթաց, դժբախտ եղելութիւնները չէին կրնար իրենց խոր ազդեցութիւնը չթողուլ յետագայ մանուկ Ոստանիկին վրայ: Հոգեբանական այս ջլատումին կու գար նաեւ միանալ, հօր անժամանակ մեկնումը դէպի Ամերիկա, երբ Ոստանիկ չորս տարեկան էր միայն: Ան կ՛որբանար առանց որբ ըլլալու: Տարապայման այս իրադրութեան մէջ, մայրը, Շուշանիկ Տիկինը, իր երեք անչափահաս աղջիկներով եւ միակ տղայով անպաշտպան եւ անապահով մնացած՝ անել կացութեան կը մատնուի, երբ ամուսնին եբայրներն ալ իրենց ընտանիքներով կը սկսին հալածել ու նախատել զիրենք: Լուծումը կ՛ըլլայ հեռանալ: Ընտանիքը կ՛ապաստանի Վանի Այգեստան թաղամասը, 1910-ին:
Բայց անախորժ այս պատահարէն անկախ, Ոստանիկ, Խորգոմ իրենց գիւղին մէջ, ապրեր էր երազային մանկութիւն մը, Վանայ Լճին ափերուն, սքանչագեղ բնութեան մը ծոցին մէջ, որ անջնջելի տպաւորութիւն պիտի ձգէր մանկական իր ներաշխարհին վրայ: Յետագային, Արշիլ Գորկի պիտի լայնօրէն այդ յիշատակներն ու տպաւորութիւնները օգտագործէր իր լաւագոյն պաստառներուն մէջ, խայտաբղէտ խորհրդապատկերներով:
Հազիւ Վան հաստատուած, Ատոյեանները կը դիմագրաւէին նոր աղէտներ. վրայ կը հասնին 1915-ի Վանի կոտորածն ու ապա ինքնապաշտպանութեան կռիւները: Ռմբակոծումներէն խուսափելով, ընտանիքը կ՛ապաստանի Ամերիկեան Միսիոնարութեան շէնքը: Տասնըմէկ տարեկան Ոստանիկ ուրոյն ձեւով իր մասնակցութիւնը կը բերէ կռիւներուն, սուրհանդակի վտանգաւոր առաքելութիւններ կատարելով, ընդհանուր հրամանատարութեան եւ Ճակատի դիրքերուն միջեւ: Ռուսական բանակի մուտքը Վան, թէեւ ժամանակաւոր փրկութիւն կը բերէ, սակայն անոր անակնկալ նահանջը, պատճառ կը հանդիսանայ որ Վանի եւ շրջակայքի հայութիւնը բռնէ գաղթի տաժանագին ճամբան դէպի Էջմիածին: Ատոյեաններն ալ կը հետեւին հոսանքին: Էջմիածինի պատերուն տակ սակայն, արեւմտահայ գաղթականներու բազմահազար զանգուածները կը մատնուին սովի եւ մահացու վարակի: Կեանքի դաժան այս պայմանները արագընթաց հասունացում կը պարտադրեն պատանի Ոստանիկին: Զարմանալի ձեռներէցութեամբ ան կը յաջողի ընտանիքը փոխադրել Երեւան, կիսափուլ երդիքի մը ապաստանը ապահովելով անոր: Մինչեւ 1919-ը, չարքաշ աշխատանքով, զրկանքով բայց գոյատեւման աննկուն կամքով, կը յաջողին ձեւով մը պահպանել իրենց գոյութիւնը: Վերջին այդ տարուայ խստաշունչ ձմեռը սակայն եւ անոր ընկերացող սովը կը կատարեն իրենց աւերիչ դերը: Սովամահ կը մեռնի Շուշանիկ Տիկինը, որպէս մարմնացում անձնազոհութեան: Մինչ այդ, Երկու տարեց աղջիկները՝ Ագապի եւ Սաթենիկ կրցեր էին Ամերիկա մեկնիլ, որպէս հեռակայ ընտրեալ հարսնցուներ: Երկար ու տաժանալից ոդիսականէ ետք, վերջապէս Ոստանիկ եւ Վարդուհի քոյրն ալ, 1920-ին Կը հասնին Ամերիկա՝ վառ երազներով:
Առաջին յուսախաբութիւն՝ հայրը վերամուսնացած ըլլալուն, չի գար զիրենք դիմաւորելու: Հարկադրուած՝ ապաստան կը գտնեն Պոսթըն, իրենց երէց քոյրերուն մօտ: Գորկի հարկադրուած գործի կ՛անցնի Կօշիկի գործարանի մը մէջ: Հոն, կօշիկի տուփերու վրայ այլազան իր գծագրումները պատճառ կը դառնան իր գործէ արձակման: Սակայն, մինչ այդ, ան արդէն վճռած է. նկարիչ պիտի դառնայ ամէ՛ն գնով: Պահ մը հինգ տոլար վճարումի փոխարէն, շարժանկարի սրահի մը մէջ, միջնարարներուն, ամերիկեան հինգ նախագահներուն նկարները կը գծէ քանի մը վայրկեանէն: Ի վերջոյ, 1925-ին կը մեկնի Նիւ Եորք՝ գրպանը միայն քանի մը տասնեակ տոլարներ ունենալով՝ առանց ծանօթի, յանձնարարականի կամ նեցուկի: Շնորհիւ իր կանխայայտ նկարչական ձիրքերուն կը յաջողի արձանագրուիլ Նիւ Եորքի ամենահեղինակաւոր Արուեստի Կեդրոնական Վարժարանը եւ քանի մը ամիսէն, իր տաղանդին յայտնաբերումով, ա՛լ կ՛ընդունուի որպէս ուսուցիչ: Տարիներ շարունակ այդ փոքր պաշտօնը, իր վտիտ եկամուտով, պիտի մնար նիւթական միակ մնայուն աղբիւրը: Վերջնական կայք կը հաստատէ Կրինիչ Վիլէճ, բոհեմ արուեստագէտներու թաղամասին մէջ: Շուտով կը ծանօթանայ, իրեն պէս հոն ապաստանած նորաթուխ նկարիչներու, որոնք նմանապէս կը փնտռեն իրենց ուղին: Անցնող հինգ տարիներու ամերիկեան իր կեցութեան ընթացքին, ան ինքնաշխատութեամբ, արդէն բաւական տիրացած է անգլերէն լեազուին եւ ամբարած նկարչական տեսական տոկուն գիտելիքներ, թանգարաններ եւ գրադարաններ յաճախելով: Պոսթընի մէջ իսկ, որպէս նախափորձ, իրագործած է քանի մը բնանկարներ, նաթիւրմորթ եւ դիմանկար, իրեն համար սակայն անգոհացուցիչ իրապաշտ ոճով: Նկարչական լուրջ ուսում չունենալով, ան իր իսկական դպրոցը կը դարձնէ այս ինքնաշխատութիւնը: Կը սկսի մէկ առ մէկ փորձարկել արդէն հռչակի հասած հին եւ նոր նկարիչներու գործերը, անոնց հետեւողութեամբ ստեղծելով ինքնուրոյն գործեր: այսպէս՝ Սեզաննին, Փիքասոյին, Մաթիսին, Միրոյին եւ Քանտինսքիին հետեւողութեամբ ստեղծած իր ժամանակաւոր գործերն իսկ կը մատնեն իր զօրաւոր անհատականութիւնն ու զգացականութեան ուրոյն դոշմը, եւ որոնք առանձինն իսկ, պատիւ պիտի բերէին որեւէ որակաւոր արուեստագէտի:
Կեանքը հետզհետէ կը վատթարանար: Տնտեսական մեծ տագնապի տարիներն էին: Համատարած անգործութիւնն ու թշուառութիւնը կը հարուածէր նաեւ արուեստի սպասարկուներն ալ: Գորկի իր կարգին կը մատնուէր անել կացութեան: Մասնաւոր դասերու վտիտ եկամուտն ու չծախուող պաստառները չէին կրնար բաւարարել եռապատկուած իր ընտանիքին առօրեայ ծախսերուն, երբ Վարդուհի քոյրը, Հայաստան կատարած ձախող ճանապարհորդութենէն վերադարձած, անգործ ամուսինին եւ նորածին մանչուկին հետ ապաստաներ էր Ոստանիկին տուն-աշխատանոցը: Գաղափար մը կազմելու համար, թէ ինչպիսի անտանելի անցուկ վիճակ կը տիրէր տան մէջ, կ՛արժէ հոս թուել փոքրիկ նորածին Կարլենին կաթի սա միջադէպը: Վիլէմ տը Քունինկ այցելութեան եկած է Գորկիին: Սեղանին դրուած է նորածինին օրուայ կաթի շիշը, զոր Վիլէմ, անզգուշ շարժումով գետին կը ձգէ: Շիշը կը փշրուի : Նորածինը, անօթի՝ կը ճչայ: Տան մէջ ուրիշ կաթ չկայ: Հարկ է վար իջնել եւ նոր կաթ բերել: Բայց ինչպէ՞ս: Չորս Տարեցներուն գրպանը սենթ մ՛իսկ չկայ: Լուծումը՝ Գորկի կը վերցնէ իր մէկ իւղանկարը եւ կը վազէ դուրս: Կէս ժամ ետք կը վերադառնայ երկու շիշ կաթ ձեռքին: Իւղանկարը փոխանակած է երկու շիշ կաթով: Տարբեր առիթներով ալ, քանի մը տոլարներով, ան հարկադրուած է ծախել իր կարգ մը գործերը, որոնք սակայն յետագային հարիւր հազարներ բերին իրենց անարժան տէրերուն: Բարեբախտաբար, շնորհիւ իր կապերուն, Գորկի կը յաջողի գործ կարգադրել Վարդուհիի ամուսինին, Շիքակոյին մէջ:
Առանձինն, աւելի դիւրին կ՛ըլլայ գոյութեան պայքարը: Որոշ ժամանակ կը տոկայ, մինչեւ որ ամերիկեան կառավարական օգնութեան կոմիտէն կազմուելով, որպէս օգնութիւն զանազան պատուէրներ կու տայ չքաւոր նկարիչներուն: Գորկի կ՛ունենայ երկու կարեւոր ապսպրանքներ: Նախ՝ Նիւ Եորքի միջազգային տօնավաճառի տաղաւարին նկարազարդումը եւ ապա՝ Նիւ Ուարթ օդակայանի որմանկարներու շարքը: Ճիշդ է, լաւ կը վճարուի, բայց Ամերիկան տակաւին պատրաստ չէ ընկալելու համար արդիականութեան այդ երախայրիքները:
1936-ին, արդէն որոշ հեղինակութիւն է ան Կրինիչ Վիլէյճի նկարիչներու խումբին մէջ: Քառասունական թուականներուն Տը Քունինկ, Ռոթքօ, Փոլաք, Սթիւըրտ, Կրէհըմ, Լի Քրազնըր եւ ուրիշ շատեր, Գորկիին առաջնորդութեամբ եւ անոր գործերէն ոգեշնչուած, մերժելով ամերիկեան գաւառային բնապաշտութիւնն ու ընկերվարական իրապաշտ մօտեցումները, պիտի հիմը դնէին Գորկիին արդէն իրագործած Վերացական Արտայայտչականութեան՝ (Abstract Expressionism)ին:
1940-ին իսկ, արդէն լրիւ կազմաւորուած, վերջ դնելով իր փորձառական շրջանին, Գորկի կը ստեղծէ վերացականութեան իր ինքնուրոյն ոճը, ձեւն ու տեսլականը, որոնցմով ան նոր լուսամուտներ պիտի բանար արդի նկարչութեան հորիզոնին վրայ, անոր ընձեռելով հայկական արուեստին հրավառութիւնն ու կախարդանքը՝ գոյներու, երանգներու եւ կոր ու ոլոր գիծերու հեզաճկուն դաշներգութեամբ:
Իր առաջին ցուցահանդէսը կը բացուի Սան Ֆրանսիքոյի Արդի Արուեստներու Թանգարանին մէջ, 1941-ին: Կարեւոր հանգրուան մըն է ասիկա՝ նիւեորքեան գալիք իսկական արժեւորումները պատրաստող, յաջողութեան սկիզբը: Ցուցահանդէսը Նախձեռնուած եւ կազմակերպուած էր իր ապագայ կնոջ՝ Ակնէսին նորայայտ բարեկամուհիին՝ Ժանն Ռէյնըլի կողմէ: Ժանն Փարիզէն նոր հասծ, կը դառնայ Գորկիին առաջին գնահատողներէն մին, գնելով չորս գործեր եւ վճարելով իւրաքանչիւրին 500 տոլար: Այդ օրերուն, Գորկիին համար բացառիկ գին էր: Դարձեալ Ժաննի պնդումով է որ, ցուցահանդէսէն անմիջապէս յետոյ, Գորկի եւ Ակնէս կ՛որոշեն ամուսնանալ: Խնայողութեան նկատառումներով, ամուսնութիւնը կը կատարեն քաղաքային գրանցումով՝ Նեվատա նահանգի Վիրճինիա Սիթի աննշան գիւղին քաղաքապետարանին մէջ:
Այդպէսով, ճակատագրական, երկսայրի քայլն էր որ կ՛առնէր Գորկի: Ակնէս Մաք Կրուտըր, ազնուատոհմ, գեղեցիկ, զտարիւն ամերիկուհի մըն էր, շփացած դուստրը նաւատորմի ծովակալի մը: Ուսումը ստացած էր ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ եւ ապա ժամանակ մը ապրած՝ Չինաստանի Շանկhայ քաղաքին մէջ, ուր հայրը որպէս զինուորական կցորդ կը ծառայէր Ամերիկեան Դեսպանատան մէջ: Թէ կենցաղով եւ թէ մտածողութեամբ չափազանց ազատամիտ լրագրողուհի մը՝ ան պիտի յաջողէր իր լայն կապերով, Արշիլ Գորկին ծանօթացնել վերի դասակարգի շրջանակներուն եւ իր ֆրանսերէնի գիտութեամբ, որպէս թարգմանչուհի, մեծապէս նպաստէր պիտի Գորկիին եւ Անտրէ Պրըթոնի միջեւ կապի ամրապնդումին եւ իրար հասկացողութեան: Պէտք է ըսել, Ակնէս դարձաւ Գորկիին նոր ներշնչական Մուսան, բայց եւ նաեւ, յետագային՝ անոր կործանման գլխաւոր պատճառը: Սխալ ընտրութիւն մըն էր ի սկզբանէ, անհամատեղելի՝ երկու հակոտնեայ նկարագիրներու եւ մտածելակերպերու միջեւ:
1941-ը կ՛ըլլայ անկիւնադարձային՝ Գորկիին համար: Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն փախչելով, գերիրապաշտ գրական եւ արուեստի յեղափոխիչ աշխարհահռչակ փարիզեան փաղանգը, իր գերագոյն առաջնորդ, բանաստեծ եւ տեսաբան Անտրէ Պրըթոնի գլխաւորութեամբ, Ամերիկա կ՛ապաստանի եւ կը հաստատուի Նիւ Եորքի մէջ:
Առաջին հայեացքով իսկ Պրըթոն կը յափշտակուի Գորկիին վերացական գործերով: Առանց վարանումի Գորկին կը մկրտէ որպէս «ամերիկեան ցամաքամասի մեծագոյն զտարիւն գերիրապաշտ նկարիչը»: Գորկիին տարիներու սպասած հռչակագիրն է այս, եկած՝ չսպասուած, չակնկալուած, շատ կարեւոր մէկ աղբիւրէ. որովհետեւ, երբ Պրըթոն կը պատգամէ, համայն արուեստի աշխարհը իր լսողութիւնը կը սրէ ու կը լարէ հետաքրքրութիւնը: Հրամանի պէս անյեղելի են անոր խօսքերը: Արդարեւ, անոր վճռորոշ միջամտութիւնը կ՛արդիւնաւորուի 1945 Մարտ 6-ին, Գորկիի նիւեորքեան առաջին համապարփակ ցուցահանդէսի բացումով, Ժիւլիէն Լեւի հանրածանոթ ցուցասրահին մէջ: Ցուցակագրքին յառաջաբանը կը գրէ նոյն ինքը, Անտրէ Պրըթոն, «Ակնաղբիւրը՝ Արշիլ Գորկի» խորագիրով, ուր կը հռչակագրէ. «Ինծի համար Գորկի առաջին նկարիչն է որ ակնաղբիւրին գաղտնիքը ամբողջութեամբ բացայայտեց: Ան եկած է ձեւակերտելու պատկերացում-կապը, ամբողջութեամբ այլակերպ տարրերու միջեւ: Գորկի գերիրապաշտ բոլոր նկարիչներէն միակն է, որ անմիջական կապ կը պահէ բնութեան հետ. կը նստի անոր դիմաց, նկարելու համար անոր ոգին: Ահաւասիկ ձեզի հրամցուած ամբողջութեամբ նոր արուեստ մը: Ոստում մը՝ հասարակէն եւ ճանչցուածէն անդին գացող, եւ լուսեղէն, աննկուն աղեղի մը հանգոյն, ազատութեան հարազատ զգացողութիւնը բացայայտող:»
Դեռ աւելին՝ Պրըթոն նաեւ յանձն առած է իւրաքանչիւր պաստառին համար թռիչքաւոր երեւակայութեամբ անուանումներ գտնել, ցուցահանդէսը աւելի հետաքրքրական դարձնելու համար: այսպէս՝ մէկ առ մէկ մկրտուեցան պաստառները արտասովոր եւ խօսուն անուններով, ինչպէս՝ «Էնկինարին տերեւը բու մըն է», «Տարի մը, կաթնախոտը», « Ծաղկած ջրաղացի ջուրը», « Արեւը, տերվիշը ծառին վրայ», « Լեարդը աքլորին բբուկն է», «Ինչպէս մօրս ասեղնագործուած գոգնոցը կը բացուի կեանքիս մէջ»: Իսկ Գորկիին « Խորգոմի Պարտէզները» անունով գործը ան վերանուանեց՝ «Սոչիի Պարտէզներ»-ու:
Ամբողջական յաջողութեամբ կը պսակուի ցուցահանդէսը: Հանրութիւնէն աւելի արուեստի մարդիկ կը խանդավառուին: Իսկ մեծազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէր. «Արդ, իր նորակերտ արտայայտչականութիւնը քնարական է, հոսանուտ եւ թափանցիկ՝ տիրապետուած եւ ճարտարութեամբ դրսեւորուած: Բարդ եւ միանգամայն անմիջական գծագրումները կը միահիւսուին վերարտադրելու համար իր հարուստ ներաշխարհը: իր երանգապնակին զուարթ ջերմութիւնը արեւայորդ հեղեղի կը նմանի:»
Սառնամանիքին բեկումն էր ա՛լ: Վե՛րջ մեկուսացումին: Եթէ նախապէս Գորկի Կրինիչ Վիլէյճի հանրածանօթ տարաշխարհիկ դէմքն էր՝ իր պարթեւ հասակով, սեւ ալեծածան բաշերով եւ խորհրդաւոր, բոհեմ արուեստագէտի կերպարով, ցուցահանդէսէն ետք, ան կը հռչակուէր որպէս ինքնատիպ ու տաղանդաշատ նկարիչ մը, որ արդէն ունէր տոկուն գործ՝ գեղեցիկի անսովոր ընկալութեան հետ, վա՛ռ գոյներու հրավառութիւն՝ երեւեկայութեան գերակշիռ թափով բացայայտուած: Ան կը յայտնաբերէր նոր տեսլական եւ նոր ներհայեցողութիւն՝ խոր զգացականութեամբ թրթռուն: Այս Բոլորը՝ պաշտպանուած շեշտուած անհատականութեամբ, տոկուն ճարտարութեամբ եւ հմայիչ արուեստով: Ալեւս փնտռուած անուն մըն էր Գորկին: Հեղինակաւոր թանգարաններ կը բանային իրենց դռները իր գործերուն առջեւ, մնայուն նմոյշներ ցուցադրելով, ինչպէս Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթընը, Արուեստից Վիթնին եւ ապա նշանաւոր Կուկընհայմը:
Գորկիին մէջ սակայն, մանկութենէն սկսեալ, բոյն դրած էր արմատացած վախն ու անձկութիւնը, որ կը սկսէր շատ կանուխէն, հօր մեկնումով դէպի Ամերիկա, եւ կը շարունակուէր մօրենական գերդաստանին ողբերգական եղելութիւններու մնայուն յիշողոթեամբ, եւ ապա, մանաւանդ կը բարդանար հայ մարդու ապրած ջարդ կոտորածի եւ գաղթի ահաւոր արհաւիրքներով: Ասոնք ծանրակշիռ պատճառներ՝ որպէսզի իր մօտ ստեղծուի ճակատագրպաշտութիւն մը՝ թէ անեծք կար իրենց գերդաստանին վրայ, մօրենական մեծ մօր, վանքը այրելու սրբապղծութեան դիմաց: Մնայուն այս յաճախանքը տարիներով հալածեց զինք, անապահովութեան տեւական զգացումով: Հոգեկան այս տագնապը գործեց իր ներգործումը նաեւ իր գործերուն վրայ: Ու կարծէք իր կանխագուշակումները իրականացան, ստեղծելով մղձաւանջային հոգեվիճակ: Այսպէս՝ Եղէռնէն յետոյ, մօր սովամահութիւնը, հօր ոչ արժանավայել կեցուածքը, իր աշխատանոցին մէջ ծագած հրդեհը, որ ոչնչացուց իր վերջին գործերէն քսանի մօտ պաստառներ, ապա՝ հաստ աղիքներու չարաղետ գործողութիւնը, եւ վերջապէս, ինքնաշարժի ծանր արկածը, որ անդամալոյծ դարձուց նկարող իր աջ թեւը: Իսկ երբ սիրած ու պաշտած կինը դաւաճանեց, հետեւելով արկածախդիր սիրականի մը եւ իրմէ հեռացուց երկու աղջնակները, կարծէք բաժակը յորդեցաւ. միայն չկարենալ գծելը արդէն, մահ էր արուեստագէտին համար:
« Ա՛լ կեանքը ոչ մէկ իմաստ ու հրապոյր ունէր:
Վաղ առաւօտուն, արդէն պատրաստած օղակաւոր չուանը վերցնելով, ուղղուեցաւ դէպի ջրվէժի լքուած ջրաղացը: Հոն, պարզ խաւաքարտի մը վրան, կաւիճով գրեց. «մնա՛ք բարով , սիրելինե՜ր...»:
Ու ապա, քաջաբար, պարանը անցուց վզին ու վճռական կիցով հարուածեց ոտքերուն տակ տեղաւորուա ծ սնտուկը:
Այդ հարուածին մէջ ամփոփուած էին իր բոլոր դառնութիւններն ու գարշանքը ճակատագրի սադրանքներուն դէմ: Հպարտ մարդու իր կամքն էր հո՛ն, եւ միաժամանակ արհամարհանքը՝ իր հանդէպ անգութ մնացած շրջապատին ու մարդոց դէմ:
Հարուած՝ որ սակայն փրկեց զինք գալիք կարելի բոլոր նուաստացումներէն, եւ ընձեռեց իրեն ազատութիւնը՝ ընտրելու վախճանական ելքը ճակատագին, ինչպէս նաեւ՝ այնքան փայփայուած բայց միշտ զլացուած հռչակը, որ սակայն եկաւ յետ մահու՝ հաստատաքայլ տիրականութեամբ, անառարկելիօրէն:
Ու ի՞նչ փոյթ, թէ մարմինը ճօճուեցաւ պարապութեան մէջ, քանի որ այդ պարապութիւն կոչուածը անմահոթեան դուռն էր բացուող:
Տարին 1948-ն էր, Յուլիսի 21-ը:
Քառասուն եւ չորս տարեկան էր միայն:» (Հատուած՝ «Արշիլ Գորկի» վէպէս:
Հայ Մանրանկարչութիւնը իր վառ գոյներով եւ խտացեալ ուժականութեամբ խորապէս ազդած է Գորկիին ինքնուրոյն ոճին զարգացման: Իր հանդիպումը կու գար վաղ մանկութենէն, երբ Չարահան Սուրբ Նշան վանքը յաճախ ուխտի կը տարուէր ան եւ հոն կը տեսնէր պատերուն սրբանկարներն ու դարակներուն մէջ պահ դրուած մատեաններու շքեղ մանրանկարները: Արուեստի առաջին բնազդային ընկալումը այդ տեղէն կը սկսէր: Իսկ Վարդուշ քոյրը կը վկայէր, որ յետագային, Ոստան, մանուկ հասակէն, Զատկուայ տօներուն, արագիլներու հաւկիթները կը գծագրէր ու կը գունազարդէր մանրանկարչային ոճով: Ուրեմն երբ հասուն պատանի, ան Ամերիկա հասաւ, թթխմորը պատրաստ էր արդէն: Պոսթոն, քոյրերուն հետ անցուցած տարիները յումպետս չվատնուեցան: Պոսթոնի գեղարուեստից թանգարանը իր առաջին դպրոցը հանդիսացաւ: հոն, յաճախակի այցելութիւններով ան դիտեց, ծանոթացաւ եւ ուշի ուշով ուսումնասիրեց համաշխրհային նկարչական կոթողները:Առաւ անոնցմէ ինչ որ կրնար ամրապնդել իր նկարչական ճարտարութիւնը: Բայց նաեւ համոզում գոյացուց , թէ արդի մարդուն պահանջներն ու ընկալումները այլապէս տարբեր էին եւ կարելի չէր կրկնութեան համակերպումով բացայայտել անոր բարդ ու խրթին ներաշխարհն ու մտածողութիւնը: Իրեն համար էականը, ա՛լ տեսնուածէն անդին անցնելով, բացայայտելն էր այն ճշմարտութիւններն ու երեւոյթները որոնք չեն տեսնուիր պարզ տեսողութեամբ կամ չեն արտայայտուիր բառային կամ պատկերային համակարգով: Ուստի, հարկ էր քանդել ամէն տեսակի սահմանափակումները եւ զարկ տալ շղթայազերծ երեւակայութեան եւ ներքնասոյզ տեսողութեան, եւ անոնց յայտնաբերածը պաստառին բերել նոր, ներուժական ձեւերով ու թելադրկան գոյներով: Ահա այդ միջոց գործիքը հանդիսացաւ վերացականութիւնը, որ փրկեց պաստառը նիւթին պատկերացեալ տիրապետութենէն, իրապաշտութեան տալով աւելի բարձր կոչում եւ պաշտօն՝ ներաշխարհի սուզակային խուզարկման եւ բացայայտման բացառիկ կարողութեամբ:
Արշիլ Գորկի ըլլալով գերազանցապէս զգացական արուեստագէտ, հիանալի օգտագործեց գոյներու բոլոր նրբերանգները, գիծերու հեզաճկուն ոլորումներն ու սլացքը, ձեւերու եւ ծաւալի համաչափութիւնները, պաստառին բերելու համար կեանքէն կրած իր տառապանքներն ու մրմուռը, դառն ու անոյշ իր յուշերը, երազները, եւ մանաւան յորդող լաւա-զգացական բարդ աշխարհը: Ան ալեւս, աշխարհասփիւռ իր հռչակով գրաւած է իր արժանի տեղը, նկարչական միջազգային պանթէոնէն ներս: Իսկ իր ճառագայթումով, մարդկայնութեամբ, հայկական ծիրանգեղ գոյներով, հայադրոշմ բովանդակութեամբ եւ ոգիով, ան համայն աշխարհին ահա կը պարզէ իր անաղարտ հայու իսկութիւնը, որուն այնքա՜ն ձգտեցաւ ան, երբ ողջ էր, բայց չունեցաւ բաղդը, առիթը եւ մանաւանդ ժամանակը իրագործելու: Բայց արդ, իր անառարկելի ինքնութեամբ եւ դրոշմով, ան յետ մահու, պարտադրեց իր հայութինը՝ բոլորի՛ն: Զարմանի չէ, որ այսօր, Արշիլ Գորկիի անունը կը զուգորդուի Մեծ Եեռնի յիշատակութեան հետ: Ու մենք, պարտաւորութիւնը ունինք շնորհակալ ըլլալու իր մատուցած այս ծառաթութեան համար եւս, ինչպէս նաեւ իրաւունքը՝ հպարտանալու իր աննման վաստակով: Որովհետեւ, իրմով, մարդկութեան յառաջընթացին, մենք կը մուծենք մեր նշանակալից ներդրումը:
Կարծիքներ
Սիրելի Սարգիս Վահագն. շատ լաւ է որ վէպ ես գրել Արշիլ Գորկիի մասին, որի ազգանունը ԱԴՈՅԵԱՆ է եւ ոչ թէ ԱՏՈՅԵԱՆ։ Նրա եղբայրը Ադո Ադոյեանը որ իմ դասախօսն է եղել Երեւանի Պոլիտեխնիկ ինստիտուտ սովորելիս, դեռեւս 1954-55-ին մէկ երկու ուսանողներիս պատմում է եղբօր մասին շշուկով։ Ինքն էլ ԳՈՒԼագից նոր էր մազապուրծ վերադարձել։ Բայց խնդիրը այս հաչելի յիշողութիւնը չէ, այլ այն իմ հարցը, թէ՝ «Ի՞նչ է նշանակում ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԻՐԱՆԱԳԵՂ ԳՈՅՆԵՐ եւ ապա ՀԱՅԱԴՐՈՇՄ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ։ Իմ հասցէն է karen.simonian@gmail.com Մեր հինաւուրց բարեկամութիւնը երեւի թէ չես մոռացել եւ հարցերիս պատասխանելու առիթով ինձ հետ կը վերականգնես մէր երբեմնի հաղորդակցութիւնը։ Ողջ լեր…
Posted by: Կարէն Ա.ՍԻՄՈՆԵԱՆ | August 4, 2010 4:12 AM
Սիրելի Կարէն,
Հաճելի էր լսել«ձայն»դ: Նախ ճշդում մը.Ատօ Ատոյեանը Ոստանիկի եղբայրը չէր, այլ՝ հօրեղբորորդին: Յետոյ,ես արեւելահայերէնով չեմ գրած, այլ արեւմտահայերէնով, որով Ատոյեանը կը հնչենք Adoyanի պէս: Գալով«հայկական ծիրանագեղ գոյներ»ուն եւ «հայադրոշմ բովանդակոըւթիւն»ին, կը զարմանամ որ հարցադրումը կու գայ ձեզի պէս ներհուն գրողէ մը: Զգայարանքի հարց է: Ինծի համար ծիրանը եւ հետեւաբար ծիրանագոյնը հայկականութեան բնորոշիչ խորհրդանիշներն են եւ գեղեցիկ են: Կորքին ալ սիրած է այդ գոյնը: Միթէ չե՞ս յիշեր Տէրեանի աննման տողը երբ կըսէ.«Ժամն է, ե՛լ նորից, իմ ծիրանավառ»ը: Կարիք կա՞յ բացատրելու բովանդակութեան «հայկական դրոշմ»ը, երբ ան կրնայ նաեւ ըլլալ ապազգային կամ անկումային եւ դեռ չեմ գիտեր ի՛նչ: Յուսամ բաւարարութիւն կրցայ տալ հարցադրումներուդ, որոնք, կը խորհիմ թէ ,քիչ մը հաւատաքննականի երանգ ունէին:Ամենայնդէպս, կը կրկնեմ, հաճելի էր ձայնդ լսել: Միշտ սիրով եւ յարգանքով՝
Սարգիս Վահագն
Posted by: Anonymous | August 4, 2010 10:36 AM