ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴԱԿԱՆ ՆՈԹԵՐ
Մարուշ Գազանճեան-Երամեան
Հազար եւ Մէկ Եկեղեցիներու
Նոր Քաղաքը՝
Մոնթրէալ
Ոչ ոք խօսած էր Մոնթրէալի մասին, թէեւ շրջապատէս շատ շատեր այցելած էին ու վերադարձած: Եկողները ընդհանրապէս կը խօսէին շուկաներուն ճոխութեան եւ ապրանքներուն առատութեան մասին: Ոչ ոք պատմած էր քաղաքին գեղեցկութիւնը. Իսկ ինչ որ շա՜տ աւելի զարմանալի էր, ոչ ոք պատմած էր եկեղեցիներուն գեղեցկութիւնը, նշած կամ ճշդած անոնց թիւը:
Անշուշտ անկարելի է չնշմարել քաղաքին երկնագիծին (skyline) ճիշդ կեդրոնը գրաւող հսկայ գմբէթը, որ փառայեղօրէն կը նստի Սբ. Յովսէփի տաճարին վրայ եւ կը հսկէ քաղաքը, Թագաւորական լերան՝ Mont Royale-ի վրայէն: Ասիկա oratory - oratoire կը կոչուի: Վեց յարկանի հսկայ շինութիւն մը, որուն առաջին յարկը կը պարփակէ մատուռ մը, վերջին յարկը՝ արդիական տաճար մը. Իսկ այս երկուքին միջեւ՝ ուխտատեղի, գրասենեակներ եւ երկու թանգարաններ՝ մէկը նուիրուած այս ամբողջ կառոյցը հիմնողին եւ անոր պատահած հրաշքին, որուն ի՞նչ ըլլալը լաւ չհասկցայ (թէեւ 25 տարի տեւած կառոյցի մը համար դրամ հաւաքել-հայթաթյթելը ինքնին հրաշքի համազօր բան է), իսկ երկրորդը կը կոչուի՝ «Մսուրներ աշխարհի չորս կողմէն»:
Այս վերջինը իրապէս շատ հետաքրքրական ցուցադրութիւն մըն է. Ափրիկէէն մինչեւ Ճաբոն տարբեր ազգեր Սբ. Ծնունդի տեսարանը իրագործած են ըստ իրենց դիմագիծին, մորթի գոյնին, բայց մանաւանդ տարազներուն: Ափրիկէի խորերէն եկած մսուրներէն մէկը իրագործուած է եփենոս փայտով, կերպարները եղէգէ զգեստներ հագած են, իսկ մոգերը առաջնորդող աստղը կը հանգչի փիղի մը վեր ցցուած կնճիթին: Ճաբոնէն եկած մսուրը minimalisd-ական է՝ միայն հայր, մայր եւ նորածին: Ֆրանսայէն եկած մսուրներէն մէկը տուրմով իրագործուած է, ուրիշ մը՝ lalique յախճապակիով: Արաբական մսուրներուն մէջ «ակալ-հաթաթան» միշտ ներկայ է:
Վերջին յարկի տաճարը խորապէս արդիական է: Աչքի զարնող առաջին երեւոյթը խորանին փայտեայ քանդակներն են՝ խաչին վրայ՝ Յիսուսը, իսկ խաչին ոտքին տակ՝ երկու կիներ՝ երկու Մարիամները, Աստուածածինն ու Մագթաղինեցին: Այս մէկը ինքնին շատ արդիական մօտեցում մըն է:
Խորանէն դուրս, տաճարի աջ ու ձախ պատերուն տասներկու առաքեալներուն կիսաքանդակներն են, որոնցմէ մէկը երկգլխանի է՝ Պօղոս-Պետրոսին կիսաքանդակը: Հետեւաբար որո՞ւնն է տասներրորդ քանդակը ...
Տաճարին բոլոր դռները, թէ՛ գլխաւոր, թէ՛ կողմնակի, երկաթեայ քանդակներ ունին, որոնք ձեւով մը կը յուշեն կարծէք փշապսակին փուշերը, եւ անշուշտ իւրաքանչիւր դուռ ինքնուրոյն է, չի նմանիր միւսներուն, կարծէք արուեստի գործ կը ըլլար:
Նոյն ոճը ունի նաեւ գմբէթը շրջապատող գօտին, որ հաւանաբար ճարտարապետական անուն մը ունի, բայց որ ինծի ծանօթ չէ:
Քաղաքին մէջ կան երկու այլ շատ մեծ եւ շատ նշանաւոր տաճարներ, մէկը հին Մոնթրէալի սրտին գտնուող Notre Dame տաճարն է, որուն համար մոնթրէալցիք մեծ հպարտութեամբ կ'ըսեն.
-Ասիկա շատ աւելի գեղեցիկ է, քան Փարիզի նոյնանուն տաճարը:

Անշուշտ ասիկա կախում ունի անկէ թէ ի՞նչ կը նշանակէ «գեղեցիկ»:
Տաճարին արտաքին քանդակները չեն կրնար այցելուն պատրաստել անակնկալին, որ խորանին անհաւտալի, ոսկեզօծ ճոխութիւնն է, այնքան փայլուն, որ փայլքէն զատ բան չես տեսներ, եթէ չմօտենաս խորանին:
Այս եկեղեցին նշանաւոր է նաեւ իր մեծ երգեհոնով: Երբ ներս մտայ, խորունկ եւ հանդարտ երաժշտութիւնը գրկեց զիս, կարծես այդքան փայլքին դէմ պաշտպանելով:
Երկրորդ եկեղեցին հետաքրքրական անուն մը ունի՝ «Մարիամ թագուհի աշխարհի» Marie riene du monde: Թէեւ շատ մեծ, բայց նախորդին հետ բաղդատելով՝ գրեթէ մերկ է: Այստեղ է որ, ինչպէս ըսաւ Նազանը (Վրէժ-Արմէն Արթինեանին կինը, որուն հետ գացեր էի այս «եկեղեցական» այցելութիւններուն) Ապրիլ 24-ի տօնակատարութիւնները տեղի կ'ունենան:
-Եւ ամբողջ եկեղեցին բերնէ բերան կը լեցուի՞,- հարցուցի:
-Բերնէ բերան,- ըսաւ:
-Տաս տարի է այդ տաճարին մէջ Ապրիլ 24 չէ տօնուած,- ըսաւ Րաֆֆին, երբ պատմեցի իրեն:
Այստեղ եւս բաւականին մեծ երգեհոն մը կայ, որ լուռ էր սակայն, նուագող չկար: Նաեւ այցելուներ չկային, միւս եկեղեցիներուն համեմատ: Նազանն ու ես էինք, եւ տարիքոտ մարդ մը:
Այս տաճարին կողմնակի խորաններէն մէկուն մէջ կը հանգչին եպիսկոպոսներ, որոնցմէ մէկը՝ ճիշդ մէջտեղը, մարդահասակ իր արձանով: Ոչ անուն, ոչ թուական ճշդելու ժամանակ կար: Ճշդելն ու իմանալն ալ շատ բան պիտի չաւելցնէին այնքան ատեն, որ Գանատայի պատմութենէն գաղափար չունիմ:
Րաֆֆիին հետ մեր թափառումներուն ընթացքին Park ave.ի վրայ յաճախ կ'անցնէինք փոքրիկ եկեղեցիի մը առջեւէն, որուն ապակիները իրենց մեծութեամբ եւ գոյներով գրաւած էին զիս:
-Օր մըն ալ ա՛յս եկեղեցին մտնենք,- խնդրեցի Րաֆֆիէն:
-Եկեղեցի չէ, հաանրային գրադարան է,- ըսաւ:
Հետաքրքրութիւնս չէր, որ արթնցաւ, անիկա արթուն էր արդէն. Զարմանքս էր, որ արթնցաւ և արագ-արագ սկսաւ տարածուիլ. մեզի համար եկեղեցին կրնայ միայն եկեղեցի ըլլալ, եւ կամ՝ յուշակոթող, սրբատեղի, ուխտավայր: Բայց գրադարա՞ն, այն ալ՝ հանրայի՞ն ...
Մտանք: Գաւիթին մէջ զետեղուած էին ընդունելութեան եւ հարցումներու սեղանները, որոնցմէ անմիջապէս առաջ, դռնէն ներս դրուած էին մշակութային ձեռնարկներու թռուցիկներն ու ձրի թերթերը:
Եկեղեցիէն ոչինչ փոխուած էր. Պարզապէս ճերմակ գրադարակներ զետեղուած էին հոն, ուր հաւատացեալներուն նստարանները պէտք էր ըլլային: Ճերմակը լուսաւորեր էր տարածքը, առանց խանգարելու եկեղեցիին մթնոլորտը, որ կը շարունակէր ծփալ ցած գրադարակներէն վեր, գունաւոր ապակիներէն թափանցող լոյսին մէջ:
Դարակներու ետին ընթերցումի տարածքն է քանի մը սեղաններով եւ քանի մը հանգստաւէտ բազկաթոռներով, ուր տարեցներ եւ երիտասարդներ ընթերցումի իրենց խաղաղութիւնը կը վայելէին:

Թէեւ եկեղեցին գրադարանի վերածելու գաղափարը բաւական անսովոր էր, ներսի մթնոլորտը սակայն, իր դրական ներուժով լիցքաւորեց զիս. Ի վերջոյ գիրքի մշակոյթն ալ կրօնականին չափ խիստ ու խորունկ մոլութիւն մըն է՝ կրօնամոլ, գրքամոլ ... որմէ երբ մէկը բռնուի, մոլութիւնը կը վերածուի անհրաժեշտութեան, որ կրնայ նաեւ երբեմն մոռցուիլ որպէս մոլութիւն եւ ապրուիլ որպէս ... շնչառութիւն:
(Կրօնի եւ գիրքի այս զուգահեռին մասին պէտք է այլ առիթով եւ այլ խորութեամբ գրեմ):
Այս եկեղեցիին տուած իմ կարճ այցելութիւնս խանդավառեց զիս. Յիշեցի Գարեգին Ա. Երջանկայիշատակ վեհափառին խօսքը, որ կ'ըսէր գիրքի ցուցահանդէսի մը առիթով.
«Հայերը գրատուն կ'ըսեն եւ տունի չափ տաք ու մտերիմ կը զգան գիրքերուն հետ ...»:
Երնէկ չէ՞ր այդ օրերուն:
Զարմանքս սակայն ցնցումի կը հասնի, երբ մեծ եկեղեցիի մը առջեւէն անցած ատեննիս Րաֆֆին կը յայտարարէ.
-Այս եկեղեցին ալ condominium-ի վերածուած է:
-Այսի՞նքն,- չհասկցայ:
-Այսինքն՝ բնակելի յարկաբաժիններու:
-Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ ...
-Այս եկեղեցիները, գիտես, լաւ պահելու համար ծախսի կը կարօտին. Բայց հօտ չունին, որ այդ ծախսը յայթայթէ, հետեւաբար կը փորձեն այլ ձեւերով օգտագործել կառոյցները:
-Բայց բնակելի յարկաբաժիննե՞ր:
-Այո՛: Եւ ասիկա մեծ անպատեհութիւն մը ունի՝ ներքին տարածքը փոխելու կողքին, յաճախ կը ստիպուին արտաքինն ալ փոխել՝ պատշգամներ աւելցնել եւ այլն:

(Ուշադրութիւն դարձնել աւելցուած փոքրիկ պատուհաններուն, պատշգամներուն եւ կողմնակի դռներուն):
Իմ հարցումս սակայն այլ էր՝ ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ եկեղեցիի մը մէջ ... չեմ կարծեր որ հայեր կ'ապրին այդ տեսակի յարկաբաժիններու մէջ, թէեւ չեմ կրնար վստահ ըլլալ. երկիրը, քաղաքը իրենց առօրեայի ծանր թաթը կը դնեն բնակիչներուն վրայ յաճախ, իսկ հայերը, իրենց երկրէն դուրս գրեթէ միշտ հակամէտ են ազդուելու, տպաւորուելու, կապկելու եւ ... ի վերջոյ ... այս շարքին բնական հետեւանք որպէս՝ լուծ-ուե-լու ...
-Կը տեսնե՞ս այս եկեղեցին եւ այդ զանգակատունը. Ասոնք միա՛յն պատեր են. Եկեղեցին հրդեհի մը զոհ գացած է: Վերաշինելու փոխարէն պահեր են մէկ պատն ու զանգակատունը, իսկ ետեւի մասը միացուցեր են UQAM-ին (Սniversite du Quebec au Montreal):
Մտանք:
Եկեղեցիին մուտքի պատին հետ պահուեր են նաեւ գաւիթի պատուհաններուն գեղեցիկ, գունաւոր ապակիները, որոնցմէ անդին համալսարանին արդիական ու գործնական մէկ բաժինն է՝ սրահը, ուրկէ կը սկսին զանազան բաժիններ տանող անցքերը, ցած, լուսաւոր, անանձնական:
Գիտութիւնն ալ կրօն մըն է, ուր գիտնականները մեծ երկիւղածութեամբ կը մտնեն:
-Բայց ինչո՞ւ անպայմանօրէն եկեղեցիները օգտագործել,- կը հարցնեմ:
-Գիտե՞ս,- կ'ըսէ Նազանը,- ժողովուրդը ամբողջովին յուսախաբ եղած է կրօնաւորներէն, մանաւանդ երբ քանի մը տարի առաջ բացայայտուեցան վարդապետներուն գայթակղութիւնները մանր տղոց եւ պատանիներու հետ: Ժողովուրդը սկսաւ եկեղեցի չյաճախել, եւ ուրեմն կառոյցները պահելու նիւթական տագնապ ստեղծուեցաւ: Իսկ փլել ... Վրէժ-Արմէնը շրջանի մը համար մաս կը կազմէր ա՛յն յանձնախումբին, որ շէնքերուն ապագան կ'որոշէր՝ պահե՞լ թէ քանդել:
-Այդ գայթակղութիւնները յարդի շիւղերն էին, պատճառաբանութիւնը, եթէ կ'ուզես, ո՛չ պատճառը,- կ'ըսէ Րաֆֆին:
Բայց ի՞նչ է պատճառը ուրեմն:
Կան նաեւ իրենց ճակատագրին սպասող լքուած ու մոռցուած եկեղեցիներ, որոնք երբեմն կը վարձուին տարբեր յարանուանութիւններու եւ տարբեր դաւանանքներու կողմէ, բայց ընդհանրապէս կը մահանան դանդաղ ու աննշմար, ձիւնին, անձրեւին, արեւին, բայց մանաւա՛նդ՝ մարդոց անտարբեր նայուածքներուն տակ:
Օդին մէջ տեղ մը
08-06-09