ՏԱԳՆԱՊԸ
Սարգիս Վահագն
- Ա -
Փախուստը տկարութիւն է, չըսելու համար՝ դասալքութի՛ւն:
Պարզ է թէ, ոչ ոք պիտի ուզէր ցուցադրել իր այդ տկարութիւնը: Ամէն պարագայի, իւրաքանչիւրս պիտի գոնէ փորձուէինք բացատրել, արդարացնել կամ մեղմացնել մեր թոյլ տուած տկար այդ արարքը:
Արդարացումի այդպիսի փորձ մըն է ուրեմն, այս գրութիւնն ալ: Թէեւ, իմ պարագայիս, հեշտ պիտի ըլլար ապաւինիլ Պէյրութի 1958-ի արիւնալի դէպքերու արդարացումին. միջքաղաքացիական կռիւ էր, անգործութեան եւ անապահովութեան հետ, հայկական թաղերէն ներս, կա՛ր նաեւ եղբայրասպանութեան ահաւոր մոլուցքը, որ անկարելի կը դարձնէր բնականոն կեանքի մը նուազագոյն շարունակութիւնն իսկ: Իսկապէս որ ընդունելի արդարացումներ էին ասոնք, բայց ես պիտի չդիմեմ այդ չքմեղացումին: Նպատակս ինքնարդարացում չէ բնաւ: Անկեղծօրէն, նստեր եմ ես ինծի հետ, հաշուետուութեա՛ն. կը գտնուիմ կեանքիս նոր հանգրուանի սեմին եւ առ այդ կ՛ուզեմ նորը սկսիլ մաքուր մեկնակէտէ, հին սխալներէս դաս առած եւ հին բարդոյթներս հովին տուած:
Այս բոլորը՝ ըսելու համար, թէ փախուստիս բուն պատճառը ո՛չ այս էր եւ ոչ ալ ուրիշ բան, այլ՝ միայն ու միայն ահաւոր այն պարա՛պը, որ կը սողոսկի հոգիիդ մէջ , երբ երիտասարդական ամբողջ կեանքդ գունազարդած շքեղ երազներդ ու իտէալական ըմբռնումներդ յանկարծ փուլ կու գան:
Գիտեմ, վերացական ընդհանրացում մըն ալ այս մէկը եղաւ: Կը ներէք, արդէն ա՛յս էր իմ հիւանդութիւնս. վերացականութիւն եւ ընդհանրացո՛ւմ: Կեանքը, մարդիկը, շրջապատը, դեպքերն ու կիրքերը, փառասիրութիւններն ու նախանձը, բոլո՛րը՝ կը դիտուէին ու կը դատուէին վերացական ընդհանրացումով՝ վարդագոյն երազներուդ պրիսմակին ընդմէջէն: Թէեւ, զարմանալիօրէն, այն միջավայրը որկից կու գայիր դուն, շատ հեռու էր վերացական ընդհանրացում ըլլալէն: Ընդհակառակը՝ բիրտ ու շօշափելի, կարծր իրակաութիւնն էր, որ կը կոչուէր Պուրճ Համուտ: Այն օրերու դաժան Պուրճ Համուտը, ուր կեանքը պարզ ու խոնարհ ըլլալով հանդերձ, անվերջ մաքառում մըն էր կարիքին, կեղտ ու ցեխին, թրքախօս տգիտութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ: Այս տարապայման միջավայրին մէջ, հասունցող պատանիիս համար, բնականը այն պիտի ըլլար, որ ան ըլլար գործնապա՛շտ, առարկայակա՛ն: Կարիքին ճիրաններէն ճողոպրելու համար, կամ արհեստ մը պէտք էր սորվիլ եւ կամ ճիրանաւորուած՝ շուկայ նետուիլ: Բայց, չես գիտեր ուրկից ուր, հակադրուելով շրջապատիս տգիտութեան, գիրքի տարօրինակ սէր մը առեր էր զիս իր յորձանքին մէջ: Օրն ի բուն, կը կարդայի ինչ գիրք որ ձեռքս անցնէր: Կը կարդայի յափշտակութեամբ, կլանուած, վերացած, մոռցած ամէն ինչ: Ա՛լ նոյն անձը չէի. կը ձուլուէի, կը նոյնանայի գրքերու հերոսներուն հետ, ձեւով մը վերապրելով անոնց կեանքն ու ներաշխարհը: Տեսակ մը փախուստ էր ասիկա մեր թաղերուն կեղտէն ու թշուառութենէն: Գուցէ առաջին դիւրին առկայծո՞ւմը՝ գեղեցիկ կեանքի մը երազին:
Գիրքեր կային, որ սակայն կը զլանային այդ երազն իսկ: Կարծր գիրքեր էին, Էմիլ Զոլայի «Ժերմինալ»ին, կամ Ճէգ Լոնտոնի «Երկաթեայ Կրունկ»ին դաժանութեամբ: Անհանգստացնող գիրքեր՝ որոնք կը խռովէին երազնանքներս հարցադրումներու նոր կծիկով եւ կը մղէին մտածելու: Ասիկա պատճառ հանդիսացաւ, որ փնտռեմ նաեւ ուրիշներուն կարծիքը: Իսկ փնտռել կը նշանակէր գտնել: Անշուշտ՝ իմ նմաններս: Շուտով, մեր թաղերուն մէջ, չորս-հինգ տղոց խմբակ մէ եղանք՝ գրեթէ նոյն հոգեվիճակով եւ նոյն մտածողութեամբ: Զարմանալիօրէն, որպէս արտաքին բնորոշիչ, բոլորս ալ ակնոց կը կրէինք, եւ մեր մազերը, ճիշդ մէջտեղէն, ճշգրիտ խազով մը կ՛երկփեղկուէին: Միշտ միասին էինք, փոթորկուն եւ աղմկալից՝ անվերջ վիճաբանութիւններով:
Խմբային շփումը նոր հորիզոններ բացաւ մեր առջեւ: Ընթերցանութիւնը դարձաւ գրականութիւն եւ բանաստեղծութիւն: Գեղեցիկի սուր զգացողութիւն, բարիի եւ վսեմի տեսլական: Հայ դատ, տենչ արդարութեան, վրէժի կրակ, ինքնագիտակցութիւն եւ հպարտութիւն՝ հոգեկան մեր ուժանիւթն էին արդէն: Անոնց կողքին՝ նոր հետաքրքրութիւններ ալ. երաժշտութիւն, թատրոն, շարժանկար եւ նկարչութիւն: Մանաւանդ՝ գլխագիր Սէր: Յորդող, վարարող սէրը անսպառ, որ անպայման տուեալ աղջկայ մը կերպարանքը կրնար չունենալ, այլ, սիրոյ սէ՛րը՝ բիւրեղի պէս ջինջ ու աղբիւրի պէս զուլալ: Կապոյտ ապակին էր ան մեր ակնոցներուն, որով կը դիտէինք կեանքն ու մարդիկը, միշտ կապոյտ վերացականութեամբ. «Բարի, անո՜յշ հին օրեր » էին, մեր պաշտած Վազգէն Շուշանեանի հետեւողութեամբ, եւ ի՜նչ փոյթ թէ՝ կիսամաշ հագուստներով ու ծակ գրպաններով:
Հրաշքի համազօր էր մեր համալսարան հասնիլը. մի հարցնէք թէ ի՛նչ գնով: Անշուշտ մեր ծնողներուն անհուն զոհողութիւնը նկատի ունիմ եւ անասելի նուաստացումներով ձեռք բերուած ազգային թոշակ նպաստը: Ամերիկեան Համալսարան մտանք, շալկած մեր անկարելի երազներն ու յոյսերը, հաւատալով որ մեր անհատական եւ հաւաքական կարիքներուն եւ հարցադրումներուն լուծումները հոն պատրաստի պիտի գտնէինք:
Անշուշտ, յուսախաբութիւնը չուշացաւ. շուտով անդրադարձանք մեր սխալին: Ինկած էինք սխալ միջավայրի մէջ. մեր տեղը չէր այդ համալսարանը. Մերձաւոր Արեւէլքէն եւ նոյնիսկ Ափրիկէէն հոն հաւաքուեր էին հարուստի շփացած զաւակները: Անտանելին սակայն անոնք չէին: Անոնց հետ գրեթէ շփում չունէինք: Այլ՝ մերիննե՛րը, տեղացի ունեւոր հայերուն լակոտները, որոնք չկրցան մարսել մեր ուսումնական առաւելութիւնն ու ուշիմութիւնը իրենց փլէյ պոյ ի ծանծաղամտութեան վրայ:
- Դուք աղտոտ նահարցիներդ ի՞նչ գործ ունիք հոս,- օր մը պոռթկաց անոնցմէ մէկը, դէմքը զզուանքով ծամածռելով,- մեր անունը օտարներուն առջեւ սեւցնե՞լ է, անօթի փնթինե՛ր...
Ի՜նչ խօսք որ մենք իրապէս տարբեր էինք անոնցմէ. Իրենք լաւ կը հագուէին, սեփական ինքնաշարժներ ունէին եւ արդէն սիրուհիներ կը պահէին: Իսկ մենք, մաշած, ժամանցուած հագուստներով, անճրկած ու շուարուն, կէս օրուայ սանտուիչը հաշիւով կ՛ուտէինք, մինչ անոնք հպարտօրէն բազմած կ՛ըլլային դիմացի Անգլ Սէմի շքեղ ճաշարանը: Սիկարէթը, եթէ կարենայինք հատով գնել, այն ալ աժաննոց Թաթլը Սերթ տեսակէն՝ մեր միակ զեխութիւնը կը սեպուէր, մինչ անոնք Լաքի Սթրայք կամ Տանհիլ կը ցուցադրէին իրենց թափանցիկ շապիկներու գրպաններէն:
Ասոնք պատճառներ, որ դառնացած եւ նուաստացած՝ մեկուսացած մնայինք որոշ ժամանակ: Բայց յետոյ, ուրիշներ, տեղացի արաբ տղաք, մօտեցան մեզի եւ անզգալաբար առին մեզ իրենց ցանցին մէջ: Անմիջական, ջերմ տղաք էին, միշտ սիրալիր եւ որեւէ օգնութեան համար պատրաստակամ: Վերջէն անդրադարձանք, թէ ձախակողմեան տղաք էին, ուսանողական շարժումին զինուորագրեալներ, մեզի մօտեցած՝ յատուկ առաքելութեամբ: Համակրեցանք անոնց շարժումին եւ գործունէութեան, բայց չկրցանք ամբողջովին մերուիլ: Մեր վիպային խառնուածքը չկրցաւ համակերպիլ անոնց կարգապահական խստութեան: Հոն ալ մնացինք լուսանցքի մէջ: Մեզ ձգողը, ընկերային, քաղաքական գործնական պայքարէն աւելի Գաղափարին տեսլականը եղաւ: Ըմբոստ շարժումէն աւելի, ընդվզումի գաղափա՛րը: Հմայուեցանք Շարժումին յարած մեծ գրողներով եւ արուեստագէտնեով: Արակոն, Էլիւար, Ներուտա, Փիքասօ՝ մեր կուրքերը եղան: Բայց բնաւ չսիրեցինք ինքզինքնին ղեկավար դասած ճարպիկներուն ճոռոմ ճառերն ու վարմունք-կենցաղը: Արդիւնքը՝ դարձե՛ալ մեկուսացում: Կասկածները արդէն սկսեր էին կրծել մեր հոգին: Իսկ երբ մեր հասողութեան հասան շշուկները կարմիր մաքրագործման եւ սպանդի մասին, արդէն շարժումէն դուրս էինք, առանց նոյնիսկ «այլախոհ»ի դափնեպսակը ունենալու: Պարզապէս, մենք հիասթափուածներ էինք: Չարաշահուած ըլլալու սուր ցաւն էր մեզ խռովողը, ներքին մեծ պարապի մը դէմ յանդիման:
Հազիւ համալսարանէն վկայուած, դուրսը ուղեկորոյսներ էինք արդէն: Շուկան իր գիշատիչ ընչաքաղցութեամբ բզկտեց երազներու մեր վերջին ծուէնն ալ: Ինկած էինք յորձանքի մը մէջ, որուն դէմ պատրաստուած չէինք: Քշուեցանք՝ ցիրուցա՛ն: Դատապարտուած՝ թիավարելու շուկայի կատաղի ջուրերն ի վար, ոմանք կրցան բախտով կամ կամքով ափ հասնիլ: Ես չկրցա՛յ: Քշուելով, գացի ինկայ Պէյրութի քաղաքապետարանի անշուք մէկ բաժինը՝ որպէս հասարակ Ճարտարապետ-երկրաչափ: Եւ որովետեւ հայ էի եւ առանց պաշտպան-հովանաւորի, վրաս բեռցուցին բոլոր գծագրումի սեւ աշխատանքը: Խոնաւ եւ անլուսամուտ սենեակի մը մէջ, որն ի բուն գիծեր քաշելով, փթացած՝ մոռցայ գիրքերու երազային աշխարհը: Հոգիս խռոված, զզուեցայ շրջապատէն ու նոյնիսկ կեանքէն:
Չէին բաւեր կարծէք այս ամէնքը, երբ վրայ հասան 1958-ի միջհամայնքային կռիւները: Դժբախտաբար, հայկական թաղերը անմասն չմնացին. ցեղին նոյն հին կոճղէն ու արմատներէն սերած հայ տղաք, զինուած օտարին ձեռքով ու զէնքով, սկսան անխնայ զիրար յօշոտել, չես գիտեր յանուն ի՞նչի: Հնչակ-Դաշնակի նոյն ատելավառ կիրքն էր՝ այս անգամ երկրին անիշխանականութենէն թափ ստացած: Հաւաքական այդ յիմարութեան մէջ, հարկադրանքին տակ գտնուեցայ դիրք ճշդելու: Կամ այս կողմին հետ եւ կամ մի՛ւս: Այլընտրանք չկա՛ր: Բայց ես չուզեցի ո՛չ մէկ ընտրանք: Ես նախընտրեցի փախչիլ:
Ու փախայ:
Ուրիշ ելք չկար:
-Բ -
Փրկութեան լաստս Ափրիկէն եղաւ: Պատահմամբ լսեր էի թէ Ղանային համար երկրաչափներ կ՛ուզուէր: Դիմեցի առանց մեծ յոյսեր ունենալու ու բախտս այս անգամ բանեցաւ: Պայմաններուն մասին երկար բարակ չմտածեցի: Լուծարքի ենթարկեցի Պէյրութի անցեալս ու ներկաս եւ առի Աքրա մեկնող առաջին օդանաւը:
Հասայ քայքայուած ջիղերով: Դէմս օտար, նոր քաղաք մըն էր, որուն անունն իսկ չէի լսած նախապէս: Ո՛չ մէկ ծանօթ ունէի: Անփորձ ու միշտ անգործնական՝ ժամանումիս թուականն ու ժամն իսկ չէի իմացուցած գործատէր ընկերութեան: Պահ մը, շուարած, խուճապի մատնուեցայ օդակայանին մէջ եւ դէպի ետ, օդանաւին վերադառնալու շարժում մը ունեցայ: Օդակայանէն ներս ու դուրս սեւ մարդոց բազմութիւնը անտեղի վախի տհաճութիւնը արթնցուց մէջս: Գիշերը, պանդոկի սենեակիս դուռը ամուր կղպած, անհանգիստ քուն մը ունեցայ: Նրբանցքէն հասնող ամէն ոտնաձայնի հետ սիրտս թունդ կ՛ելլէր: Գիտէի թէ ծիծաղելի եւ անհեթեթ վիճակ էր, անվայել՝ անցեալիս եւ «մարդասիրական» գաղափարներուս:
Առաւօտեան սակայն, ճռուողիւններու համանուագէն արթնցած երբ բացի պատուհանիս փեղկերը, արեւը շլացուցիչ ցնծութեամբ խուժեց սենեակէս ներս եւ սրբեց, տարաւ ամէն անախորժութիւն եւ վախ: Ափրիկէին հետ շփումս նոր կը սկսէր:
Հագուեցայ եւ շտապեցի դուրս: Պանդոկէս արդէն բացատրեր էին, թէ ընկերութեանս գրասենեակը կը գտնուէր Նքրումա գլխաւոր պողոտային վրայ, քանի մը փողոց անդին: Պանդոկէն մինչեւ այդ փողոցները հարկ եղաւ անցնիլ արեւադարձային հսկայ ծառերով եզերուած բացատէ մը, որ մարգագետինի մը ծաղրանկարը ըլլալ կը թուէր: Տակաւին առաւօտ էր, բայց տաք օդի ալիք մը կը խանձէր դէմքս: Երբ հասայ առաջին փողոցը, արդէն արիւն քրտինքի մէջ էի: Մոռցած որ գործ ունիմ ափրիկեան կիզիչ արեւին հետ, բաճկոն- փողկապով հագուած ու շքուած, մարզիկի առոյգ քայլերով քալեր էի: Ձեռքիս, փոքրիկ պայուսակն իսկ կը ծանրանար: Պարզ էր որ երեւոյթս անյարիր էր շրջապատին, ուր կը վխտային կիսամերկ սեւուլիկ մանուկներու բազմութիւններ, փոշիի ամպհովանի մը բարձրացուցած: Վիճակս երեւի անկարելիին մօտեցեր էր այնքան, որ շուրջս կազմուեր էր սեւերու զուարճացած ու զարմացած խումբ մը: Սրտնեղած, արագացուցի քայլերս: Ճիշդ այդ պահուն, ահաւոր ճռնչիւնով քովս կանգ առաւ ինքնաշարժ մը: Եւրոպացիի կերպարանքով շէկ երիտասարդ մըն էր վարիչը:
- Հելլօ՛,-ըսաւ ան ծամածռուած ժպիտով:
- Հելլօ, -պատասխանեցի ես, զարմացած:
- Նորե՞կ էք կ՛երեւի:
- Այո՛, առաջին օրս է:
- Յայտնի է: Գիտէ՞ք թէ ճիշդ ու պատշաճ ընթացքի մէջ չէք:
- Այսի՞նքն...- արդէն ջղային դիմադարձեցի ես:
- Այս փողոցներէն պէտք չէ բնաւ քալելով անցնիլ:
- Ինչո՞ւ... վտանգաւո՞ր է:
Մարդը խնդաց.
- Այդպիսի բան չկայ հոս: Պարզապէս սպիտակներուս վարկը կը ցածցնէք սեւերու աչքին: Գիտցէ՛ք, մենք հոս միշտ «մասթըր» ենք դեռ: Պէտք է կամ թաքսի վերցնէք, կամ սեփական ինքնաշարժ ունենաք: Ելէք հիմա քովս, ձեզի տեղ հասցնեմ:
Կացութիւնը պարզ էր. Անկլօ-Սաքսոն ցեղապաշտութեան մէկ բացայայտո՛ւմն էր: Ու փորձութեան սատանան արթնցեր էր մէջս.
- Շնորհակալ եմ ուշադրութեան համար: Բայց կարծեմ սխալ դուռ զարկիք. արտաքին երեւոյթէս մի դատէք. ներսս մասմաքուր սեւ է: Բանամ, ցոյց տա՞մ:
Նոյն ճռինչով մարդը փախաւ, հայհոյութիւն մը մռլտալով:
Գոհունակութեան ժպիտս առանձինն չմնաց: Արդէն շուրջս հաւաքուած սեւերուն սպիտակափայլ ատամնաշարերը լայնօրէն մեղսակից էին անոր:
- Գ -
Պանդխտութիւնը մարտահրաւէրի պէս է. վերընձիւղումի ոյժ կու տայ, կեանքդ զէրոյէն վերսկսելու առիթ կը ստեղծէ հարկադրաբար: Ա՛լ կը կառչիս միայն սեփական ուժերուդ, աշխատանքի՛դ: Ուրիշ ելք չունի՛ս: Վերջին լա՛ստն է փրկութեան: Նաեւ՝ միակ կռուանդ մոռացութեան:
Ուրիշներ եկած էին ծրագրուած՝ յստակ հեռանկարով. դրամ դիզել որքան կարելի է շուտ: Նուազագոյնը տալով՝ առաւելագոյնը կորզելու համար: Իսկ ես եկեր էի ձախորդ անցեալ մը մոռնալու համար: Գտնելու հաւասարակշռութիւնս եւ հոգեկան անդորրս, որոնց համար պատրաստ էի տալու ամէն ինչ, այսինքն ժամանակ, ոյժ եւ եռանդ՝ առանց հաշիւի եւ ակընկալութեան: Կատաղի մոլուցք մը կար աշխատանքին փարումիս մէջ. ցերեկները խուսափելով գրասենեակի հանգստաւէտ միջավայրէն, կը նախընտրէի երթալ կառոյցներու վայրը, մօտէն հետեւելու բանուորներու աշխատանքին, իսկ գիշերները, մտածումներուս չարչարանքին հետ չմնալու համար, տուն կը տանէի գծագրումները եւ կառոյցի նոր հարցադրումներուն դէմ կը տգնէի նոր լուծումներ գտնել:
Միւս երկրաչափ-ճարտարապետները զիս ապուշի տեղ կը դնէին: Չէին կրնար ըմբռնել ու մարսել չափազանցեալ եռանդս, քանի յաւելեալ վճարում չկար անոնց դէմ: Ոմանք, նոյնիսկ չարամտօրէն դիտաւորեալ կը նկատէին աշխատասիրութիւնս, իրենց բացայայտ ծուլութեան վրայ, որպէս թէ սեւերու իշխանութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու միտումով,: Առ այդ, մեկուսացուցեր էին զիս: Գործէն դուրս, ո՛չ մէկ յարաբերութիւն կը մշակէին հետս: Իմ փոյթս չէր սակայն, քանի որ խիստ նախանձախնդրութեամբ կը հսկէի առանձնութեանս պահպանման վրայ: Բայց միթէ՞ առանձին էի՝ երբ ունէի անցեալիս յաճախանքը մտալլկող: Հին հարցադրումներն ու յուշերը կրկին վերարծարծելու, մանրազննին զանոնք քննարկելու նոր կիրք մը արթնցեր էր մէջս: Տարօրինակ իրավիճակ էր. թողուցեր, փախեր էի Պէյրութէն, ձերբազատուելու համար անցեալէս, մոռնալու համար անոր վրիպանքը: Բայց ահա՛ այդ անցեալը, հազարաւոր մղոն հեռու այս մենարանիս մէջ, լպրծուն հինգոտաննիի իր թեւերով եկեր, պլլուեր էր հոգիիս, քուն ու դադար չէր տար, չէր թոյլատրեր, որ բացուէի նոր կեանքին, մուծուէի նոր շրջապատիս:
Ներքին այս կռիւը նոր կենսաձեւ մը դարձեր էր փաստօրէն: Նշմարեցի որ սկսեր էի համ առնել անկից: Մազոխիստական ինքնաչարչարման հաճոյքը ստանալ: Այդ գիտակցութիւնը վախցուց եւ փրկե՛ց զիս: Զգաստացա՛յ: Դուրս եկայ հոգեախտավարակման այդ վիճակէն: Որոշումներ կայացնելու կամքի ոյժ ունէի տակաւին:
Հոգիս խաղաղեցաւ. ձերբազատուեր էի մանաւանդ փախուստիս հաշւոյն ծնած յանցաւորի բարդոյթէն ալ: Ի՜նչ յանցանք, երբ ալ պարզ էր, թէ զոհը ես էի. վարպետորդի մարդիկ, խայծելով վիպապաշտ խառնուածքս եւ արդարութեան ծարաւս, շահագործեր էին զիս, վասն իրենց փառասիրութեան:
Իսկական պարապը նոր էր որ զգացի եւ ա՛լ չտոկացի առանձնութեան: Դուրսի աշխարհը, նոր քաշողականութեամբ սկսաւ առինքնել զիս: Մարդու կարօտը ունէի:
Ու ելայ դուրս:
- Դ -
Առաջին անձը որուն հանդիպեցայ՝ Մոնիքը եղաւ:
Ես բնաւ պատրաստ չէի առանձին մնալու գեղանի օրիորդին հետ, ոչ ալ ատակ՝ զինք զբաղեցնելու: Բայց պատահականութիւնը այլապէս դասաւորեց.այնպէս որ, երբ Ապասատոր պանդոկի մուտքին հասայ, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, հիւրերը ընդունող մեր Գլխաւոր Ճարտարապետը զիս դիմաւորեց անսովոր ջերմութեամբ եւ գոհունակութեան բացայայտ ժպիտ մը ունեցաւ.
- Ճիշդ ատենին եւ ճիշդ անձը եղաք,- ըսաւ ան թեւս մտնելով,- զիս պիտի փրկէք մտահոգութենէ մը. աղջիկս առանձին սկսաւ ձանձրանալ: Եկէք ծանօթացնեմ, եւ ընկերակից եղէք անոր:
Ընդունելութիւնը կու տար ինքը, Գլխաւոր Ճարտարապետը, ի պատիւ Աքրայի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն: Ես ընդուներ էի հրաւէրը պատշաճութեան նկատումներով եւ մտահոգ էի՝ առանձին մնալու վախը սրտիս: Պաշօնակիցներուս հետ յարաբերութիւնս տակաւին չէր տաքցած: Ուրեմն լաւ զուգադիպութիւն մը եղաւ աղջկան այս «ընկերակցելու» հրաւէրը:
Հայրը մեզ երկու նախադասութեամբ իրարու ծանօթացուց եւ գնաց պաշտօնին: Իսկ ես մատնուեցայ դժուար կացութեան: Օրիորդ Մոնիք իսկապէս որ գեղեցիկ էր: Առաւել պատճառ մը, որպէսզի աւելի անճրկիմ: Երկարատեւ առանձնութեանս մէջ, կ՛երեւի վայրենացած էի: Թէեւ, առաջ ալ փայլուն չէի կնամեծարութեան մէջ: Այնպէս որ, ձախաւեր խօսք մը կամ վարմունք մը ունենալու վախը կաշկանդեր էր զիս: Պարագայական խօսակցութիւն մ՛իսկ սկսելու անկարող էի: Բարեբախտաբար, օրիորդը ինք սկսաւ.
- Երկա՞ր ժամանակ է կ՛աշխատիք հօրս հետ,- հարցուց ան:
- Հինգ տարի կ՛ընէ արդէն:
- Հինգ տարի՞...- զարմացաւ ան,- եւ նո՞ր է որ, իրարու կը հանդիպինք այս փոքր քաղաքին մէջ: Տարօրինակ է, չէ՞:
- Չեմ կարծեր,- ըսի, արդէն ինքնավստահութիւնս գտած,- շատ բնական է, քանի որ առաջին անգամ է որ կ՛ընդառաջեմ այսպիսի ընկերային հաւաքոյթի մը:
- Ինչո՞ւ, չէ՞ք սիրեր հաւաքոյթները:
- Կը խուսափիմ: Հաճոյախօսութիւնն ու բամբասանքը ժամավաճառութիւն կը նկատեմ:
- Ինչպէս ա՛յս պահուս, ինծի՛ հե՞տ...
Պչրանք եւ քմծիծաղ կար Մոնիքի շրթներուն եւ զուաճացած փայլ մը՝ ծաւի աչքերուն մէջ:
Ես արդէն խուճապի մատնուած էի: Առեր էի այնքան վախցած ձախաւեր քայլս: Սկսայ թոթովել.
- Ի՜նչ կ՛ըսէք օրիորդ...խնդրե՜մ... ներեցէ՜ք... ես բնա՛ւ այդ ըսել չուզեցի...ես ընդհանրապէս ըսի...
- Ինչո՞ւ կը փորձէք արդարանալ: Ճիշդ ըսիք եւ ես ալ ճիշդ ձեւով հասկցայ: Ուրախ եմ որ ինծի պէս մտածող մը գտայ այս փոքր քաղաքին մէջ: Ես ալ չեմ սիրեր այս անշահ հաւաքոյթները: Այսօր, բացառաբար կը գտնուիմ հոս. մայրս անհանգիստ ըլլալով՝ ի պաշտօնէ կը փոխարինեմ զինք անշնորհաբար: Չուզեցինք հայրս առանձին ձգել:
- Ուրեմն երկու հականերս, հրաշքով գտանք զիրար,- ըսի ոյժ առած, կատակելով:
- Համամտածողութեան քաշողական ոյժին շնորհիւ,- եզրակացուց ան:
Արդէն մօտեցեր էինք բարին: Մէկական գաւաթ ջին- թոնիք վերցնելով քաշուեցանք յարաբերաբար խաղաղ անկիւն մը: Օդը, մօտեցող ամրան արձակուրդները եւ սաֆարին կատարելապէս փրկեցին կացութիւնը: Ա՛լ կը զրուցէինք անկաշկանդ: Երկրորդ գաւաթէս յետոյ զգացի, թէ դարձեր էի շատախօ՛ս: Շրթներս կը գեղգեղէին մեքենականօրէն, առանց որ մտածումս զբաղէր անոնցմով: Մտածումս ուրիշ պաշտօնի անցեր էր. մանրազննին կը քննէր Մոնիքը, անշուշտ աննկատելի փափկանկատութեանբ: -Կատարեալ գեղեցկուհի մըն էր ան, խարտեաշ մազերով ու թովիչ, ծաւի աչքերով: Դիմագծերը՝ նուրբ ու համաչափ, օծուած էին տեւական, հազիւ նշմարելի շողի նշոյլով մը, որ կարծես աչքերէն կուգար: Լուրջ էր շարժուձեւերուն մէջ, հաւասարակշռուած՝ համոզումի ներքին ուժականութեամբ մը զօրաւոր անհատականութիւն մը մատնող: Ըստ այնմ, հարկադրուեցայ սանձել շաղակրատանքս եւ անցնիլ լուրջ խօսակցութեան: Դարձեալ կաշկանդուածութիւն մը զգացի: Արդէն ներսը, ծուխին ու աղմուկին հետ դարձեր էր հեղձուցիչ:
- Դուրս, պարտէզ ելլենք, -առաջարկեցի:
- Կարծեմ լաւ կ՛ըլլայ, -համակերպեցաւ ան ու պարզ բնականութեամբ թեւս մտաւ:
Դուրսը, արեւադարձային ծառերուն եւ երփներանգ լոյսերուն տակ նստարաններ եւ աթոռներ կային: Ընտրեցինք մեկուսի անկիւն մը, նստանք դէմ դիմաց եւ սկսանք անկաշկանդ զիրար դիտել՝ մեր ժպիտներուն հովանիին տակ:
- Գո՞հ էք ափրիկեան ձեր կեցութենէն, - յանկարծ կը հարցնեմ ես:
Մոնիք, ցորենագոյն մազերուն գահավիժումը քնքշօրէն բանտելով ափերուն մէջ եւ ապա ետ տանելով, ունեցաւ պզտիկ պրկում մը:
-Լա՛ւ հարցում է: Երկար ատեն է որ ես ալ նոյնը հարցումը կու տամ ինքզինքիս եւ յստակ պատասխան մը չեմ կրնար տալ: Կ՛երեւի փնտռածս չեմ գտած դեռ: Իսկ փնտռածս, պզտիկ բացատրականի մը կը կարօտի. նկարչուհի եմ: Գոնէ այդպէս կը դաւանիմ ինքզինքիս: Միայն նկարչութեան սիրոյն էր որ յանձն առի ծնողքիս ընկերանալ դէպի այս տարաշխարհիկ ափերը: Ձանձրացեր էի Պրիւքլսէլի մշուշէն, գորշ անձրեւոտ օրերէն եւ հեւ ի հեւ վազքերէն: Խորհեցայ, որ Ափրիկէի բարկ արեւը, վայրի բնութիւնը ու նախնական կենցաղը կրնային արուեստիս վերափոխումին նպաստել:
- Չիրագործուեցա՞ւ այդ ակնկալութիւնդ:
-Նկարչական մարզէն ներս՝ ո՛չ: Սկիզբները սակայն, մեծ էր խանդավառութիւնս: Անմիջապէս տարուեցայ տարաշխարհիկ արտաքին երեւոյթներով: Գոյներս վառ բռնկումներ ունեցան, փոխուեցաւ ոճս, ձեւերս եւ գիծերս դէպի պարզեցում գացին: Բայց նկարներուս խորքը մնաց նոյնը՝ թնճկոտ եւ յոռետես: Փոփոխութիւնը պարզապէս եղեր էր մակերեսային: Ներաշխարհս չէր փոխուած: Նոյն անձկութիւնն էր, առանձնութիւնն ու դժգոհութիւնը: Մինչդեռ ձգտումս լիութեան մատչիլ էր: Կ՛ուզէի կեանքը ընկալել իր անմիջական պարզութեան մէջ, տաք ու բաբախուն: Բայց կ՛երեւի կը ձանձրացնեմ ձեզ . այս խօսակցութիւնը կը հետաքրքէ՞ ձեզ...
- Եւ ինչպէ՜ս... նկարչութիւնը գրականութենէն ետք երկրորդ սէրս է: Թէեւ բնաւ չեմ փորձած նկարել:
- Ըսիք՝ գրականութենէն ետք. գիրքերու հետ բարեկամ էք ուրեմն:
- Անցեալին, բանաստեղծութիւններ մրոտած եմ:
- Իսկ հիմա՞...
- Ժամանակ եւ սիրտ չունիմ:
- Մե՜ղք: Ժամանակը կը հասկնամ, բայց սիրտ չունիմը չսիրեցի:
Զղջացի Մոնիքին այնքան հաճելի զրոյցը ընդհատած ըլլալուս համար: Ի՞նչ պէտք ունէի անձս առաջ քաշելու: Հիմա ի՞նչ կրնայի պատասխանել: Պատմե՞լ բոլոր յուսախաբութիւններս, թուե՞լ կրած դառնութիւններս եւ խոստովանի՞լ վրիպանքս՝ ամենեւի՛ն:
- Գոհ չէի գրածներէս,- փորձեցի ճողոպրիլ հարցաքննութենէն:
- Բայց դժգոհութիւնը լա՛ւ բան է, - աւելի խանդավառուեցաւ ան:- Ըսել է կատարեալին, գեղեցկագոյնին ձգտումը ունիք: Անպայման պէտք է շարունակէք: Գիտեմ, տառապանք եւ զոհողութիւն կ՛ենթադրէ այդ: Բայց արդիւնքը անպայման կ՛ըլլայ հոգին ազնուացնող ու հարստացնող: Մի վախնաք տառապելէ:
Չկրցայ դառն ժպիտ մը զսպել.
- Տառապանքն ու ներքին կռիւը անծանօթ բաներ չեն ինծի համար: Բայց կողմնացոյցս կորսնցուցած եմ,- խոստովանեցայ:
Ծանր լռութիւն է ա՛լ: Թէեւ կը յամառիմ ժպիտս պահել, բայց կը զգամ, որ արուեստական է ան: Մոնիք պահ մը, կը փախցնէ ակնարկը եւ անիմաստ կը նայի երփնալուսուած ծառերուն: Իմ հաշուոյս ինք յանցաւոր կը զգայ կարծես: Ապա, առանց նախաբանի՝
- Կը ներէք միջամտութեանս համար. տկարութիւնս է. արուեստի հարցերու պարագային կը դառնամ անզիջող:
- Ճիշդ կեցուածքը, ա՛յդ է:
- Բայց չեմ հասկնար ձեզ. թէ ա՛յս կ՛ըսէք, թէ՝ ա՛յն: Ո՞րն է ճշմարիտը:
- Երկու՛քն ալ:
- Կը ներէք, ինծի համար մնացիք առեղծուած: Իրաւունք չունիմ միջամուխ ըլլալու ձեր անձնական ապրումներուն, բայց , կարծեմ անհաշտ երկուութիւն մը կայ հոն, գուցէ ներքին կռի՞ւ մը... ինչ որ է, գուցէ լաւ կ՛ըլլայ որ խօսակցութեան նի՞ւթը փոխենք...
- Ո՛չ, շարունակենք նոյն ուղղութեամբ:
- Չէ՞ք վշտացած ինձմէ:
- Ընդհակառակը, շա՜տ գոհ եմ: Այսպիսի զրոյցի մը կաօտը ունէի:
- Ես ալ: Ահա կէտ մը՝ որուն շուրջ համակարծիք ենք: Պատճառ մը եւս՝ որպէսզի մեր այս հանդիպումը վերջինը չըլլայ:
- Անպայմա՛ն. համաձայն եմ:
- Շատ լաւ. վաղն իսկ հանդիպինք: Կիրակի է, ազատ ըլլալու էք: Կէսօրին կու գաք մեզի ճաշի: Կը տեսնէք գործերս եւ կու տաք ձեր անկեղծ կարծիքը: Գուցէ դուք կողմնորոշէք զիս: Հայրս կը պնդէ, թէ ա՛լ ժամանակն է ցուցահանդէս մը կազմակերպելու: Իսկ ես վարանումի մէջ եմ տեւապէս:
Արագ, առարկութիւն չվերցնող շեշտով ան արտասանեց իր խօսքերը եւ ոտքի ելաւ, հրաժեշտի համար ձեռքը երկարած: Իրեն համար յստակ ու պարզ էր ամէն բան. ո՛չ մէկ բարթոյթ, ո՛չ մէկ յետին նպատակ: Բայց ես, անակնկալի եկած, շուարած, պատասխանելու իսկ առիթ չունեցայ:Մինչ այդ, հայրը մօտեցեր էր մեզի: Ան մեզ տակաւին միասին տեսնելով ակնյայտօրէն զարմացաւ.
- Կը տեսնեմ որ ,օրիորդս ձանձրանալու առիթ չունեցաւ այս գիշեր, եւ Պարոն Ժորժը, լաւապէս կատարեց իր ընկերակիցի պաշտօնը:
- Եւ ինչպէ՜ս... երեւակայէ բաբա , Պարոն Ժորժը միանգամայն բանաստեղծ եւ նկարչասէր մէկը դուրս եկաւ: Իսկ դուն ալ տարիներէ ի վեր այսպիսի անձ մը ինձմէ գաղտնի պահեր ես,- որպէս թէ սրդողեցաւ Մոնիք:
- Ե՞ս պահեր եմ... - ընդվզեցաւ ծերունի ճարտարապետը,- Ի՛նք պահեր է ինքզինք. ես ալ, այս պահուս միայն կ՛իմանամ այդ բարեմասնութիւնները: - Ապա յարգալից ան դարձաւ ինծի ու երկարեց ձեռքը.
- Շա՛տ շնորհակալ եմ, Պարոն Ժորժ, որ այսքան ձեռնահասօրէն զբաղցուցիք դժուարահաճ աղջիկս: Իսկ քաւելու համար չունեցած մեղքս, թոյլ տուէք , որ օր մը ձեզ մեզի հրաւիրեմ, իսկական ծանօթացումի համար:
- Բաբա, ես արդէն Պարոն Ժորժը վաղուայ համար ճաշի հրաւիրեցի: Պիտի գայ եւ գործերս տեսնէ:
- Ուրեմն ամէն բան կարգին է: Հոյակա՛պ: Կը տեսնուինք վա՛ղը:
Ու հայր ու աղջիկ, թեւ թեւի մտած՝ մեկնեցան:
Իսկ ես, զարմանալիօրէն չուզեցի վերադառնալ մենակեացի խուցիս:
-Ե -
Երեք ամիսէն ամուսնացանք:
Մեր սէրը, Օգոստոսին յանկարծ բռնկող անտառի հրդեհի պէս եղաւ: Ես՝ հինգ տարիներու մենակեացի առանձնութենէս դուրս ելած, ինք՝ իր ափրիկեան ակնկալութիւններէն պատրանաթափ, երբ զիրար գտանք, ես՝ ամբողջութեամբ մոռցայ հոգեկան տագնապներս ու բարդոյթներս, իսկ Մոնիք, ծալլեց, մէկ կողմ դրաւ հիւսիսի աղջկայ իր անձկութիւններն ու դժգոհութիւնները: Սիրեցինք զիրար բուռն սիրով: Սիրոյ լազուր աչքերով դիտած՝ կեանքը դարձաւ գոյնի, թոյրի եւ մեղեդիի հրաշալի համադրութիւն մը: Երանութեան մէջ զգայազուրկ՝ ո՛չ մէկ հարցադրում եկաւ պղտորելու հոգիս: Թէ, հա՞շտ էր այս ամուսնութիւնը հայութեանս, անցեալիս, ըմբռնումներուս եւ համոզումներուս հետ՝ բնաւ չմտածեցի:
Բայց դրուեցան այդ հարցադրումները՝ երբ սիրոյ սաւառնումներէն վերջապէս մեր ոտքերը վերադարձան կեանքի հողին, առօրեային:
Առաջին անձը որուն զարմացումով հանդիպեցայ, անձս եղաւ: Հակառակ անձնապաստան ըլլալուս, անդրադարձայ եւ ընդունեցի, որ բնաւ չէի ճանչցած սեփական անձս: Պարզ էր. բաղդատութեան կարելիութիւն չէի ունեցած առաջ. դիմացս, միշտ ես եղած էի եւ իմ, ինծի նմանող ընկերներուս կերպարները: Իսկ հիմա, յայտնութիւնը կ՛ընէի Մոնիքին, այնքա՜ն տարբեր՝ մեր բոլորէն: Ինծի համար նորութիւն մը ամբողջովին: Նոր՝ անոր կեանքի ըմբռնումը, նոր՝ մօտեցումն ու վարուելակերպը, նոյնիսկ նոր՝ կենցաղն ու սովորութիւնները: Ճիշդ է, երկուքս ալ կեանքէն երջանկութիւն կ՛ակնկալէինք: Բայց բոլորովին տարբեր բաներ կը հասկնայինք: Ինծի համար երջանկութիւնը միշտ եղեր էր անանձնական, վերամբարձ ըմբռնում մը, նոյնիսկ՝ անհասելի ձգտում մը, զոր փնտռեր էի կեանքի առօրեայէն դուրս, մեծ երեւոյթներու մէջ միայն, ընդհանրականի բնոյթով: Տակաւին՝ համոզուեր էի, թէ ան կը տրուէր տառապանքի ուղիներով միայն:
Մոնիքին համար այլ էր հարցը. բնական ու պարզ էր երջանկութիւնը՝ ծառէն պտուղ քաղելու չափ դիւրին: Ամէն բանէ առաջ, հոգեկան լիութիւն եւ խաղաղութիւն էր ան՝ ներքին հաւասարակշռութեամբ ապահովուած: Բայց նաեւ՝ երկուքով ըլլալը, մտերմիկ զրոյց մը, ջերմ համբոյր մը, թեւ-թեւի՝ պտոյտ մը բնութեան մէջ, գեղեցիկ վերջալոյս մը դիտելը, տեղին հաճոյախօսութիւն մը, ցանկապատէն դուրս վիզը երկարած ծաղիկ մը, եւ ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ կարկանդակի յաջող պատրաստութի՛ւնը:
Այս տարբերութիւններէն իսկ, բնականօրէն ծայր առին մեր առաջին պզտիկ բախումները: Մոնիքին վճիտ, թափանցիկ հոգին չէր կրնար ըմբռնել իմինիս կնճռոտ գալարումները: Ես, արդէն դժգոհ ինքզինքէս,- չես գիտեր ինչո՞ւ,- չէի կրնար հաշտուիլ ու գոհանալ կեանքի մանրուքներով բաւարարուող մոնիքեան երջանկութեան հետ: Յետոյ, տակաւին կար միւս կարեւորագոյն հարցադրումն ալ. Հինգ տարիներու ընդարմացումէն ետք, ամուսնացումով յանկարծ կ՛արթննար հայութեան զգացողութիւնս, խղճի խայթով: Պէյրութէն փախուստէս ետք, երկրորդ պարտութիւնս սեպեցի օտար ամուսնութիւնս:
Մեր տարբերութիւնը սուր ձեւով զգացի մանաւանդ սիրոյ մեր մտերմական պահերուն մէջ: Կասկած չունէի բնա՛ւ. կը սիրէի կինս: Բայց փաղաքշանքի, գուրգուրանքի բառերը զորս կը մրմնջայի իր գրկին մէջ, արուեստակեալ կը թուէին ու կեղծ, զգացումներուս բոլորովին անհամապատասխան՝ ֆրանսերէն ըլլալնուն համար: Հայերէնով սիրելու կարօտը կ՛արթննար հետզհետէ: Ու օր մըն ալ, յաղթանակե՛ց ան: Մէկ կողմ շպրտած շերին ու մոն փըթի շուն, սկսայ հայերէն փաղաքշաբառեր գործածել: Մոնիք մոռցած ինքնամոռաց իր մատուցումը, խրտչեցաւ մէկէն եւ ուզեց անպայման հասկնալ իմաստը գործածած բառերուս: Բարեբախտաբար սիրեց ճանիկս-ը ու աննմանս-ը, հոգեակս-ը եւ հրեշտակս-ը, իսկ սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն որակեց մեռնիմ քեզին:
Հայութեան հետ իր այս առաջին շփումը եղաւ բարիք մը ինծի համար: Եւ Մոնիք չբաւականացաւ այդքանով: Օր ընդ մէջ, իր հարցումներն ու հետաքրքրութիւնները կ՛աճէին: Եւ վերջապէս ուզեց տեղեկանալ Հայոց Պատմութեան: Փարիզէն բերել տուի Ռընէ Կրուսէի հոյակապ «Հայոց Պատմութիւն»ը եւ այլ հրատարակութիւններ: Ընթերցումներուն առընթեր, գիշերները երկարեցան մեր զրոյցներով:
Սկիզբները կը խորհէի, թէ Մոնիքին հայկական հետաքրքրութիւնները արուեստակեալ էին, ինծի հաճելի թուալու միտումով: Ու երբ օր մը, տեսնելով իր տքնաջան լարուածութիւնն ու անպայման հասկնալու դժուարին ճիգը, հովանաւորող ժպիտով մը ըսի, թէ ինծի համար, այդքան չափազանցելու կարիք չունէր: Մոնիք սաստիկ վիրաւորուեցաւ:
- Ի՞նչ, լրջօրէն կը խորհիս, թէ այսքան չարչարանք յանձն կ՛առնեմ, պարոնիս հաճելի երեւելո՞ւ համար:
- Հապա ինչու կ՛ընես,- հարցուցի յիմարաբար:
- Գոռոզ եւ անձնապաստան արեւելքցին մնացեր ես, - շպրտեց ան երեսիս ու գնաց առանձնանալ ննջասենեակին մէջ:
Ժամեր ետք, երբ հազար ու մէկ հնարքներով ու գորովով ամոքեցի իր սրդողութիւնը, ան վարձատրեց զիս անոյշ ժպիտով մը:
- Քեզ, խենթուկս, աւելի լաւ ճանչնալու համար է որ սկսայ հետաքրքրուիլ հայութեամբ,- խոստովանեցաւ ան,- Առաջին մէկ օրէն անդրադարձեր էի իւրայատկութեանդ, զոր չէի կրնար բացատրել ու ըմբռնել: Գիտէի որ հոգիդ շատ մը փակ ու բարդ ծալքեր ունի: Ի զուր կը չարչարուէի գտնելու համար հաղորդակցութեան բանալին: Սիրոյ հայերէն առաջին բառերդ բացին աչքերս: Հայութի՛ւնդ էր առանձնայատկութիւնդ: Ահա թէ ինչու հետաքրքրուած եմ անով: Ես ալ, եսասէր եւրոպացիս, քեզ լաւ ճանչնալով, կ՛ապահովեմ երջանկութիւնս: Հիմա հասկցա՞ր, թէ որուն համար կը չարչարուիմ:
- Ուրեմն ա՛լ կը յաւակնիս զիս լաւապէս ճանչցա՞ծ ըլլալ:
- Անշուշտ, այս ափերու՛ս պէս:
-Կը սխալիս, անուշիկս, կը սխալի՜ս. ես դեռ շատ ու շատ չբացայայտուած երեսներ ունիմ ներսդիս:
Պարծենկոտ եւ շփացած մանչուկի մը հովերը առած, ոտքի էի արդէն, բեմական ծիծաղելի կեցուածքով.
-Կը սխալի՛ս. քու ճանչցածդ Ժո՛րժն է միայն: Իսկ բուն Գէորգը, այնքա՜ն տարբեր է՝ բարդ եւ հակասութիւններով կնճռոտ:
-Եւ ինձմէ ծածո՞ւկ պահեր ես զինք:-
Արդէն ոտքի ելած եւ համակ ժպտուն յանդիմանութիւն դարձած, ան շարունակեց միշտ ժպտուն յարձակողականը:
-Ըսէ՛, ինչպէ՞ս կրնամ յայտնաբերել այդ քու քօղածածուկ Գէորգը: Այդ նենգամիտը, այդ դաւաճա՛նը, որ մտեր է իմ բարի Ժորժիս մէջը եւ չուզեր դուրս գալ:
Քաշքշուքը ծիծաղաշարժ էր եւ մասամբ մըն ալ լուրջ: Այս այն պահն էր, որուն ղեկը ա՛լ ձեռքդ չէ: Հոսանք մըն է, որ կ՛առնէ կը տանի, չես գիտեր ուր: Եւ բնաւ կարեւոր չէ, թէ ինչ որ կ՛ըսես, կրնայ ճոռոմ կամ վերամբարձ թուիլ եւ սխալ ձեւով մեկնաբանուիլ: Կարեւորը այն կը թուի, որ ժամանակն է որ ըսուին անոնք: Ու կ՛ըսե՛մ:
- Մոնիք, սիրելիս, կարծեմ կ՛աճապարես քիչ մը եւ կ՛ուզես հասկնալ անըմբռնելին: Բայց գիտցիր. ամէն հայ, առեղծուած է ձեւով մը: Տեսակ մը հանելուկ՝ որ ոչ մէկ տրամաբանութեան կ՛ենթարկուի: Օրինակ, մենք զմեզ շոյելու համար, անհամեստաբար կը հպարտանանք ըսելով, թէ ամէն հայու հոգիին մէջ Արարատ մը կայ: Եւ ասիկա փոխաբերական պատկեր մը չէ միայն, այլ՝ լեռ մը կարօ՛տ, յաւերժութեան բուռն բաղձանք եւ դեռ ուրիշ շատ մը բաներ: Այս բոլորը ինչպէ՞ս բացատրեմ քեզի: Եւ տակաւին՝ այս թուածներուս ճիշդ հակառակն ալ գոյութիւն ունի: Չի բացառուիր որ հայը նաեւ ըլլայ փոքրոգի, եսապաշտ ու շահամոլ՝ իր ներքին Արարատն իսկ սակարկութեան դնելու:
- Մի չափազանցեր, Ժորժ: Իտէալական հաւաքականութիւն չի կրնար ըլլալ: Սեւն ու ճերմակը օրինաչափ են քով քովի: Կարեւորը, սեւի կողքին, անպայման ներկայութիւնն է սպիտակին, թռիչքի՛ն, ոգեկան լիցքին: Քու այդ Արարատի պատկերդ հոյակապ փաստ է, որ ժողովուրդդ սքանչելի հաւաքականութիւն մըն է: Ըստ իս, սքանչելի բան է բնութեան այդ խորհրդաշատ պաշտամունքը. լե՛ռը՝ հոգիին մէջ: Սա արդէն սոսկ լեռ չէ, այլ զանգուածեղ ոգեղինացում, տիեզերականութեան հետ հաղորդակցում: Ահա՛, թէ ի՛նչ կը նշանակէ դարաւոր, հին ժողովուրդ ըլլալ:
Մոնիքը բնաւ չէի տեսած այսքան յափշտակուած: Ու իմ ժպիտս իսկական ուրախութեան եւ հպարտութեան արդիւնք էր: Բայց սխալ մեկնեց ան ու ծաղր կարծեց տեսնել:
-Լուրջ եմ, Ժո՛րժ. կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս չէք անդրադառնար, որ պահուած գանձերու շտեմարան մը ունիք դուք:
-Մե՞նք չենք գիտակցիր... դուն իմ լռելուս մի նայիր. երբ քով քովի գանք, դուն պիտի տեսնես, թէ ինչպիսի ինքնագովութեան արշաւ մը կը սկսինք:- Մեր երկիրը դրախտավա՜յրն է, աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը մե՛նք եղած ենք, աշխարհին մե՛նք ճարտարապետութիւն տուած ենք եւ դեռ այսպիսի շատ ու շատ հովեր...
Մոնիք շուարած կը թուէր: Յաջողեր էի թափը կտրել: Մտածկոտ աչքերը ինծի յառած, մոտեցաւ:
-Կը տեսնեմ, որ իսկապէս բարդ ժողովուրդ էք: Հետզհետէ կը համոզուիմ, որ ձեզ լաւապէս ճանչնալու համար, պէտք է նախ ճանչնալ Հայաստանը՝ իր լեռներով, հողով ու ջուրով եւ մանաւանդ՝ անոնց մէջ դարերով ծրարուած խորհուրդով: Մարդը, կ՛ըսեն, իր ֆիզիկականով եւ հոգեկանով ծնունդն է իր հողին, բնութեան: Արդ, կարծեմ ինծի չափ դուն ալ պէտք ունիս այդ ինքնաճանաչման: Քանի տակաւին չես տեսած հայրենիքդ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, եթէ մեր արձակուրդը այս տարի անցընենք Հայաստանի մէջ: Կը կարծեմ, թէ լաւ եւ ճիշդ գաղափար է: Ի՞նչ կ՛ըսես, Ժո՛րժ, հետաքրքրական այս գաղափարիս... երթա՞նք...երկուքիս համար ալ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ: Դուն շփուելով ակունքներուդ, կը ձերբազատուիս երազային պատկերացումներէդ, իսկ ես ... ես ալ ... ըսենք՝ քեզ եւ երկիրդ աւելի սերտօրէն կը ճանչնամ: Գուցէ, գոնէ կիսով, նաեւ հա՞յ դառնամ... վստահ եմ, որպէս նկարիչ ալ, կրնամ բաներ մը սորվիլ սարեանական արեւապաշտութենէն: Ի՞նչ ըսիր...երթա՞նք...
Ի՞նչ ըսէի, ի'նչ կրնայի ըսել բացի յորդող ուրախութենէս: Իրապէս իրատես, բանական ու գործնական էր օտարուհի տիկինս: Իր այս առաջարկով, շատ աւելի կը մերձենար, հարզատ կը դառնար ան, քանդելով մեր միջեւ տակաւին յապաղող այլութեան վերջին պատուարն ալ: Եւ ինչպիսի՜ դիւրութեամբ լուծել կը փորձէր տարիներու իմ կնճռոտ հարցադրումներս: Իրեն համար պարզ ու բնական էր դեղատոմսը: Դարձ՝ դէպի ակունքներն ու արմատները: Ա՛լ ի՞նչ ըսէի, բացի օտարուհի կինս կործքիս ամուր սեղմելէ, համբուրելէ եւ մրմնջալէ.
-Իմ աննման Մոնիքս... բնաւ, բնա՛ւ պիտի չմոռնամ ինծի պարգեւած այս պահդ...
Ա՛լ թեթեւ էի օդի պէս՝ առագաստներս հովերուն պարզած:
Տագնապս ցնդեր, չքացեր էր:
Կարծիքներ
Շնորհակալ եմ գնահատանքների համար: Ես էլ իմ հերթին արդեն պարտավորություն եմ զգում եւ արդ՝ մեկնում եմ Ձեր «ՏԱԳՆԱՊ»-ը,որը
կարդացի մեկ շնչով:Այն իր լերտին տարողությամբ դաշտային գետ է,որ հոսում է ոչ թե բաց մակերեսով,այլ՝ անթափանց,խորունկ ընդերքով...
Բանաստեղծական մի քանի կայծերը
տողատակերում հրդեհի պակասն են լրացնում:Դուրյանական «քուրա մը խոսք» հնարքի նմանությամբ գրված
«լեռ մը կարոտ»-ը հայի ներքին մեծ
լուսավորությունն է, «ցանկապատէն
վիզը դուրս երկարած ծաղիկ մը» նկատելը՝ գրողի գեղարվեստական հաղթանակն է:Օտարուհի կերպարն էլ պատահականություն չէ,այն Ձեզ օգնել է է՛լ ավելի ինքնատիպորեն բացահայտել հային ու Հայաստանը:
«լեռ մը կարոտ»-ն էլ ներքին լույսի համ ու հոտ է տալիս, բացահայտում տողատակը,որով էլ պատումն առավել է կենդանանում:
Posted by: Garush Haryants | September 15, 2010 3:32 PM