فارسي

Խ Մ Ո Ր

  |  


Մարուշ Գազանճյան - Երամյան


-Գացի. ճաշը չուշանայ։
Եւ դուռը թափով քաշեց։
Գիշերը տոպրակ մը ալիւր բերեր էր.
-Մամայիս սեմսէկէն շինէ վաղը։
-Ի՞նչ, միսո՞վ, երեսը բա՞ց,- Լուսիկը հարցուց տագնապած։
-Չէ, ան որ գոց է, մէջը բրինձ կայ միսով։
Լուսիկը ամչցաւ ըսելու, որ սեմսէկ շինել չի գիտեր, ոչ բացը, ոչ գոցը, կը հարցնեմ, մտածեց։
-Լուսիկ, աղջիկս, լաւ տանտիկին ես, ատոր համար ընտրեցինք քեզի,- ըսեր էր Անդոյին հօքքուրը խօսք առնելու եկած օրերնին,- մեր Անդոն ալ որբ մեծցեր է. իրարու տէր կ՚ըլլաք. ես իմ աչքիս պէս կը պահեմ զինքը, բայց կնիկ մը ուրիշ է։
Լուսիկը թէեւ միայն տասնըեօթ տարեկան էր եւ մօրը մեռնելէն ետք չորս տարիէ ի վեր տան հոգը ուսերուն առեր էր, բայց սեմսէկ շինել չէր գիտեր։ Ի՞նչ պիտի ընէր։
Հազիւ ամուսինը թաղին ծայրը հասաւ, Լուսիկը իջաւ եւ մօրաքրոջ տունը գնաց, հեւ ի հեւ։
-Լուսիկ, խէր ըլլայ այսքան կանուխ,- մօրաքրոջ գոյնը փախաւ երեսէն. ինք ալ երկու աղջիկ ունէր, եւ ամուսնական անհամաձայնութիւն մը ընտանիքին մէջ կրնար իր աղջիկներուն բախտին պատճառ ըլլալ։
-Բան չկայ, մօրքուր, եկայ հետդ սուրճ մը խմեմ,- ըսաւ եւ սեմէն ներս անցնելով կօշիկները հանեց,- ցեխերու մէջ մնացի։
Զէյթուն խան տանող ճամբաներն ալ, խանին բակն ալ չտափնուած հող էին, որ շատ արագ, նուազագոյն անձրեւներուն իսկ ցեխալիճի կը վերածուէին։
-Սուրճը դիր, մօրքուր, շատ ատեն չունիմ, սեմսէկ պիտի շինեմ,- Լուսիկը ըսաւ եւ մօրաքրոջ երեսը նայեցաւ։
Սակայն կինը կարեւորութիւն չտուաւ. տքալով ուղղուեցաւ դէպի սենեակին անկիւնը դրուած կազօճախը եւ սկսաւ սուրճ պատրաստելու արարողութեան։
-Ի՞նչ է, մօրքուր, նորէ՞և ծունկերդ կը ցաւին։
-Այս խոնաւութիւնը կեանքս փճացուց։
Ինչպէ՞ս չփճացնէր. Զէյթուն խանի ամենէն մութ սենեակն էր իրենցը՝ ո՛չ արեւ, ո՛չ տաքութիւն. գետինը փսիաթ մըն էր միայն, որուն վրայ գիշերը անկողինները կը փռէին եւ հինգ զաւակով կը փորձէին քնանալ, պաղը անտեսելով։
-Ինչ լաւ եղաւ կարգուիլդ, գոնէ այստեղէն ելար. Աստուած իմիններուս ալ երեսը նայի, Անդոյին պէս փեսայ ղրկէ ...
Անդոն հարուստ կը համարուէր. տուն մը գներ էր Զէյթուն խանի դէմի թաղին նոր շինուած շէնքերէն. գումարին կէսը վճարեր էր, մնացեալն ալ ամսավճարի կապեր էր. եղածը պզտիկ բոյն մըն էր, որ Լուսիկին պալատ կը թուէր. ննջասենեակ մը ունէին, ուր անկողինն ու հայելիով պահարանը հազիւ տեղաւորուեր էին։ Այդպիսի հայելի Լուսիկը ամբողջ կեանքին մէջ տեսած չէր։ Ամէն առիթով կը կենար դէմը եւ ոտքէն գլուխ ինքզինք կը դիտէր։ Պզտիկ նստասենեակը տակաւին պարապ էր։
-Ի՞նչ ըրիք, տիւաններ առի՞ք։
-Դեռ, մօրքուր, երկու-երեք ամիս ետք։
-Կ՚ըլլայ, աղջիկս, կ՚ըլլայ. կարեւորը հոսկէ ելլելնիդ էր։
Լուսիկը միտքէն իրաւունք տուաւ մօրաքրոջ եւ աղօթեց երկու աղջիկներուն բախտին համար։ Հայերը սկսեր էին կամաց-կամաց հեռանալ Զէյթուն խանէն եւ անոնց տեղ քիւրտեր եւ արաբներ լեցուեր էին։ Ընտանեկան մթնոլորտը ցնդեր էր մէկ օրէն միւսը, եւ ծնողներ, այլ ազգի տղոց լպիրշ նայուածքներուն տակ յանկարծ յիշեր էին իրենց աղջիկներուն իգութիւնը եւ սկսեր էին վախնալ անոնց համար։
-Լուսիկ, աղջիկս, չըսիր ի՞նչ հով էր քեզ հոս բերաւ. չնեղուիս, ամմա ուրիշ անգամ մինակդ մի գար աս կողմերը։
-Ի՞նչ համով սուրճ է, մօրքուր, ձեռքերդ դալար մնան,- ըսաւ Լուսիկը եւ կարծես նոր յիշելով,- հա, մօրքուր, դուն սեմսէկը ինչպէ՞ս կը շինես,- ըսաւ։
-Խմորը կը բանաս, միսը բրինձին հետ խառնելէդ ետք մէջը կը դնես, երկու ծայրերէն կը սեղմես կը գոցես, եթէ կ՚ուզես միսին մէջ քիչ մը սխտոր, քիչ մըն ալ կարմիր պղպեղ դիր, ես անանկ կ՚ընեմ շատ համով կ՚ըլլայ. ափսէին մէջ շարէ եւ փուռ տար ... ո՞չ... ինչո՞ւ ... հա՜, դուք կազով փուռ ունիք. ապրի՛ Անդոն, որ կինը այդ տեղերը չի ղրկեր. շատ համով կ՚ըլլայ, բերնի համով ուտէք. բայց աղջիկս, ադքան գործ երկու հոգիի համար կ՛արժէ՞։
-Անդոն ուզեց, մօրքուր, մամայիս սեմսէկէն շինէ ըսաւ։
-Ի՞նչ կնիկ էր որ՝ «մամայիս սեմսէկէն շինէ» եղեր։
ճամբուն վրայ Լուսիկը յիշեց մօրքուրին խօսքը եւ ժպտաց՝ ո՞ր կինը միւսին ըրածը հաւներ է ...
Ալիւրին տոպրակը հանեց ու շլմորած կեցաւ. «խմորը կը բանաս» ըսեր էր մօրքուրը. բայց խմորը ինչպէ՞ս կը շաղես, չէր ըսեր. ալիւր, ջուր, ուրի՞շ ...
ժամանակը մանր քայլերով կը վազէր. խմորը պէտք էր շաղէր, բանար, միսերը դնէր
-Խմոր ինչպէ՞ս կը շաղեն,- ըսաւ բարձրաձայն, ինքն իր ձայնէն ցնցուեցաւ եւ այնքան վախցաւ, որ արցունքները անակնկալ ժայթքով հոսեցան այտերէն վար.
-Մայրս, ո՞ւր ես, ինչո՞ւ գացիր ...
Վերջերս, Անդոյին հետ նշանուելէն ի վեր միս- մինակ եւ անճրկած ըլլալու լեղուութիւնը չէր ունեցած. դուռ-դրացի, տալ ու ներ հասեր էին՝ նշանուած որբ աղջիկ է, օգնութեան պէտք կ՚ունենայ ըսելով։ Ամուսնութենէն ետք սակայն՝
-Ա՛լ տան տիկին եղար,- ըսեր եւ զինք մինակ ձգեր էին, իբր թէ մեղրալուսնային անդորրի մը մէջ։
Գէշ-աղէկ ճաշ եփեր էր, լուացք փռեր-արդուկեր էր, տունը տեղը կոկեր էր։ Բայց «մամայիս սեմսէկէն շինէ»ն այլ բան էր։
Խոհանոցին պզտիկ աթոռին նստած Լուսիկը ալիւրին պարկը կը դիտէր լացակումած, կարծես անկէ օգնութիւն սպասելով։
-Լուսիկ, աղջիկս ...
Մօրը ձայնն էր, մեղմ ու քնքուշ. մայրը դէմը կեցեր էր, իր միշտ ժպտուն ու շէն մայրը, այնքան տարբեր անկողնին գամուած, օրէ օր հիւծող կնոջմէն։
-Չափէ չորս գաւաթ ալիւր ...
Լուսիկը չափեց չորս գաւաթ ալիւրը, դրաւ թթխմորը թէյի գաւաթի մը մէջ, պզտիկ սրճեփով ջուր տաքցուց,- մատդ մէջը կը դնես,- լսեց մօր ձայնը,- եւ կը համրես. եթէ դիմացար մինչեւ տասը, ուրեմն ճիշդ տաքութեան հասեր է ...- դրաւ դգալ մը շաքար, լեցուց ջուրը, ծածկեց գաւաթը եւ սպասեց։
Առանց մտածելու կ՚աշխատէր, կարծես մէկը ընելիքները կը թելադրէր իրեն։ Բայց ձայն չէր լսածը. մօրը պատկերն էր աչքերուն առջեւ.
-Ի՞նչ կը հիւսես։
-Պզտիկ ծածկոց մը հիւսեմ խմորը ծածկելու համար. վերի Անոն տուաւ այս բուրդերը, ժաքէթ մը հիւսելու չեն բաւեր։
Այդպէս էր մայրը. մինչ Զէյթուն խանի միւս կիները իրենց զաւակներուն քաղակներով կը ծածկէին խմորին տաշտակը, մայրը յատուկ ծածկոց հիւսեր էր գոյն-գոյն թելերով, զիրար հատող եւ իրարու հիւսուող գիծերով։
Երբ թթխմորը փրփրեցաւ եւ բոյր տարածեց փոքրիկ նստասենեակին մէջ, ուր դրեր էր գաւաթը, որ խոհանոցի պաղին մէջ թթխմորը «չկւորի», Լուսիկը ծալլեց հագուստին թեւերը, կրկին կապեց գոգնոցը եւ սկսաւ շաղել։
Խմորը տաքցեր էր եւ ափերուն մէջ կը շնչէր կարծես. բռունցքները կը հրէին, իսկ խմորը ամէն անգամ աւելի առաձգական ու ճկուն, կը լայննար, կող կու տար, եւ թթխմորին հոտը տաք մտերմութիւն կը խոստանար։
Ինքնամոռաց, կիսախուփ աչքերով կը շաղէր. մտքին ետեւ մօր պատկերն էր. Լուսիկին աչքերը այդ պատկերին կը հետեւէին, մօր ձեռքերուն շարժումները կը կրկնէին։
Մատները կը հաւաքէին ալիւրը տաշտակին կողերէն, խիստ եւ գուրգուրոտ շարժումներով, ճիշդ ինչպէս մայրը կը հաւաքէր զիրենք գործէն վերադարձին, փողոցներէն, մէկ անգամ կանչելով.
-Տուն մտէ՛ք ...
Ու հինգը միասին կը վազէին անօթի ու
հետաքրքիր՝ ի՞նչ բերած պիտի ըլլար մայրը հիւանդանոցէն, ուր կ՚աշխատէր որպէս խոհարարի օգնական։
Յաճախ բան չէր ըլլար. բայց ուրախութեամբ կը կրծէին հացը, մտիկ կ՚ընէին մօր պատմութիւնները հիւանդ կամ արկածահար տղոց մասին, եւ յոգնած բայց ուրախ - մայրը տունն էր ի վերջոյ, իսկ իրենք առողջ էին -գետինը փռուած անկողիններուն վրայ կը սեղմուէին քով- քովի, քնանալու։
Խմորը կը հաւաքէր ինքզինք, կը փաթթէր ինքզինք Լուսիկին մատներուն շուրջ։ Թեւերը յոգներ էին արդէն. շարունակէ՞ր։
-Կը շաղես, մինչեւ խմորը ինք քակուի մատներէդ, ա՛լ ափերուդ չփակչի,- լսել կարծեց մօր ձայնը։
-Յոգնեցայ,- մրմնջեց Լուսիկը,- թեւերս ցաւեցան,-բայց շարունակեց շաղել։
Թթխմորին հոտը կը բարձրանար տաշտակէն, կը գգուէր ռունգերը, կարծես կը շոյէր այտերը։
-Ինչո՞ւ կու լաս։
Օր մը մայրը մութին մէջ զգացեր էր իր լացը եւ մտեր էր քովը, վերմակին տակ, սրբեր էր արցունքները ու կը հարցնէր.
-Գրաւորդ լաւ չըրի՞ր։
-ՉԷ, գրաւորս վաղն է, սորվեր եմ։
Մայրը սպասեր էր, ու երբ խօսքին շարունակութիւն չէր եղեր, մայրը հասկցեր էր։ Ի՜նչ լաւ կը հասկնար մայրը զինք, առանց շատ բան ըսելու, երբեմն նոյնիսկ առանց խօսելու.
-Երբեմն կ՚ըլլայ այնպէս, որ կ՚ուզես լալ առանց պատճառի, թերեւս ուրախութենէն, թերեւս տխրութենէն. թերեւս բան մը կը սպասէիր, խօսք մը, նայուածք մը, որ քեզի պէտք էր գար, բայց կարծես ճամբան շուարած ուրիշին գացեր է. լաց, լաց, միայն մի՛ յուսահատիր. քնանալէդ առաջ վերջին մտածումդ թող ըլլայ փառք տալ ոչ միայն այսօրուան հացին, այլ մանաւանդ վաղուան արեւին համար։
-Հապա՞ եթէ անձրեւ ըլլայ,- ըսեր էր Լուսիկը տխուր-տխուր։
-Երբ անձրեւ ըլլայ, բերքը առատ կ՚ըլլայ, գործը շատ կ՚ըլլայ, շահը լաւ կ՚ըլլայ, հացին հետ պանիր եւ միս ալ կ՚ունենանք,- ու մայրը կամացուկ մը համբուրեր էր այտը,- քնացիր, սեւուկ ուլիկս ...
Խմորը ինքզինք գնդեր էր ու կարծես կը ժպտէր։ Լուսիկը ափը շիտակ բռնած խաչ մը ըրաւ վրան,- մայրը միշտ այդպէս կ՚ընէր,- լուաց ձեռքերը եւ գոգնոցը քակեց։
-Այդ գունաւոր շալս բերեմ, ասկէ վերջ թող խմորին համար ըլլայ միայն,- մտածեց բարձրաձայն եւ ննջարան մտաւ։

* * *

֊Ի՞նչ համով ըրեր ես,- ըսաւ Անդոն արագ-արագ սեմսէկը խածնելով։
Լուսիկը յիշեց տագնապը, արցունքներն ու յոգնութիւնը.
-Սիրեցի՞ր,- հարցուց,- մամայիս շինածին պէս է...


4 Փետրուար 2007

 

ՁԵՐ ԿԱՐԾԻՔԸ ԿԵՐԵՎԱ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹՅԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻՑ ՀԵՏՈ, ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹՅՈՒՆ:

(If you haven't left a comment here before, you may need to be approved by the site owner before your comment will appear. Until then, it won't appear on the entry. Thanks for waiting.)